2017-04-07 10:25:00

Հրապարակուեցաւ Քահանայապետական 2017-ի տարեգիրքը


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի վիճակագրական կեդրոնական գրասենեակը հրապարակեց Քահանայապետական 2017 տարուան տարեգիրքը, որուն վիճակագրական տուեալներուն  համաձայն, 2015 տարուան համեմատութեամբ, աշխարհի մէջ մկրտուած կաթողիկէներու թիւը աճ արձանագրած է։

2014-թուականին, աշխարհին մէջ կաթողիկէներու թիւը կը հաշուէր 1,272 միլիոն, մինչ՝ 2015 թուականին, 1285 միլիոն, որ կը համապատասխանէ աշխարհի բնակչութեան 17,7 առ հարիւրը։

Ամենէն շատ  կաթողիկէ հաւատացեալներու թիւը աճած է, Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ. 19,4  առ հարիւր տոկոսով։ Մինչ Եւրոպայի մէջ կաթողիկէներու թիւը գրեթէ  անփոփոխ մնացած է ։

2014 տարուան համեմատութեամբ., Ամերիկայի ցամաքամասի մէջ կաթողիկէներու թիւր աճած 6,4 առ հարիւրով,   մինչ Ասիոյ մէջ ՝ 9,1 առ հարիւրով։

Աշխարհի ամբողջ երկիրներու բաղդատութեամբ, 2015 թուի համաձայն, ամենէն շատ կաթողիկէ հաւատացեալներու  թիւ ունեցող երկիրն է Պրազիլը՝ 172,միլիոն հաւատացեալներ։

Վատիկանի վիճակագրական կեդրոնական գրասենեակի՝ 2015 թուականին  տուեալներու համաձայնը՝ աշխարհի մէջ քահանաներուն թիւն է 466,215,՝ որոնց մէջ կան 5304 եպիսկոպոսներ։ 

Ամենէն շատ քահանաներու թիւ արձանագրուած է Ափրիկէի ցամաքամասին մէջ, մինչ մնայուն սարկաւագներուն թիւը 2015- համեմատութեամբ աճած է 14,4 առ հարիւրով։

Քահանայական կոչումներու  թիւը կը շարունակէ նուազիլ։  2014 թուականին համեմատութեամբ,   2015 թուականին աշխարհին մէջ նորընծաներուն թիւն էր 116843 , մինչ՝ 2014-ին,  116939։  








All the contents on this site are copyrighted ©.