2017-04-06 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ոտնլուայի արարողութիւնը պիտի կատարէ Փալիանոյի բանտին մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Ինչպէս ամէն տարի` այս տարի եւս Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը յատուկ վայր մը ընտրած է կատարելու համար աւագ հինգշաբթի օրուայ ոտնլուայի արարողութիւնը։

Արդարեւ` Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակի հրապարակած հաղորդարարութեամբ կը տեղեկացուի թէ Նորին Սրբութիւնը` Հինգշաբթի 13 ապրիլի յետմիջօրէին, աւագ հինգշաբթի օրը, պիտի այցելէ Ֆրոզինոնէ նահանգի մէջ գտնուող Փալիանոյի բանտը, ուր պիտի գլխաւորէ վերջին ընթրիքի յիշատակումի եւ ոտնլուայի արարողութիւնը, լուալով 12 բանտարկեալներուն ոտքերը։

Անցեալ տարիներուն եւս Նորին Սրբութիւնը վերջին ընթրիքի յիշատակումը եւ ոտնլուայի արարողութիւնը կատարած էր Վատիկանէն դուրս, այցելելով 2013-ին Քազալ Տէլ Մարմոյի անչափահասներու բանտը, 2014-ին անկարներու մէկ կեդրոնը եւ 2015-ին Հռոմի Ռեպիպիայի բանտը իսկ 2016-ին վերջին ընթրիքի յիշատակումի եւ ոտնլուայի արարողութիւնը կատարած էր Քասթել Նովօ Տի Փորթօ Քարա անուամբ կեդրոնատեղիին մէջ ուր հիւրընկալուած էին գաղթականներու ու ապաստանեալներ։








All the contents on this site are copyrighted ©.