2017-04-06 12:48:00

Ֆրանչիսկոս Պապ ՝՝պահ մը կանգ առնենք բացայայտելու համար Աստուծոյ գեղեցկութիւնը՝՝


(Ռատիօ Վատիկան) Հինգշաբթի, 6 ապրիլ, 2017-ին, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ մատուցած Սուրբ Պատարագի ընթացքին, ֆրանչիսկոս Պապ օրուան քարոզի նիւթը կեդրոնացուց Աստուծոյ հաւատարմութեան դաշինքին վրայ, յիշելով որ Աստուած հաւատարիմ գտնուեցաւ Աբրահամին հետ կնքած դաշինքին եւ Փրկչագործութեան խոստումին՝ որ կատարելագործուեցաւ ՅԻսուս Քրիստոսի Իր Որդիին միջոցաւ։ Ան հրաւիրեց,  պահ մը կանգ առնել  եւ մտածել  մեր յատուկ  պատմութեան , բացայայտելու համար Աստուծոյ գեղեցկութիւնը,  նաեւ մեր կեանքին  դժբախտ  իրողութիւններու ընթացքին։

Ֆրանչիսկոս Պապ ներշնչուելով օրուան Սուրբ Գրային ընթերցումէն, ուր կը խօսուի  Աստուծոյ ՝Աբրահամ նահապետին հետ կնքած դաշինքի մասին, նշեց թէ  այսօրուան Աւետարնին մէջ  Ան Յիսուսի կողմէ յիշուած է որպէս Հայր եւ որմէ ծնունդ առաւ  այն ժողովուրդը՝  որ է այսօրուան եկեղեցին։ 

Աբրահամ , 100 տարեկանին  ամուլ կինէ զաւակ մը ունենալէ ետք, հնազանդեցաւ Աստուծոյ խօսքին՝ իր միակ որդին զոհելու պատրաստակամութեամբ,  եւ յոյսի հոսանքին դէմ  յառաջ գնաց՝՝  այս է մեր Աբրահամ Հայը՝՝ ըսաւ ֆրանչիսկոս Պապ աւեցնելով , որ Ան հասկցաւ որ  Աստուած զինք չխաբեց`  հաւատարիմ գտնուելով իր հետ կնքած դաշինքին.    

Սրբազան Հայրը ապա նկատել տուաւ, թթ Աբրահամի դաշինքը կը կայանայ  հնազանդութեան մէջ։ Աստուած  Աբրահամին խոստացաւ ,որ իր սերունդի թիւը անսահման պիտի ըլլայ , երկնքին   աստղերու եւ ծովի աւազի չափ։

Սրբազան Հայրը ապա հրաւիրեց պատմութեան նայելու,  ըսելով, որ ես մինակ չեմ,  մաս կը կազմենք ժողովուրդի մը, որ է կեղեցին,  Աստուծոյ երազած ժողովուրդը։

Քարոզի աւարտին Նորին Սրբութիւնը  հրաւիրեց դարձեալ պահ մը մտածել մեր յատուկ պատմութեան մասին, օրհնութիւններու եւ չարիքներու, շնորհքներու եւ մեղքերուն մասին։

Նայիլ Աստուծոյ հաւատարմութեան որ հաւատարիմ մնաց իր դաշինքին, Աբրահամի խոստումին, ինչպէս նաեւ հաւատարիմ Փրկչագործութեան, զոր խոստացած է իր Որդիին Քրիստոսի մէջ.

Այս կատարելով Սրբազան հայր վստահեցուց որ , մեր կեանքի քէշ օրերում ընթացքին, պիտի վերագտնենք աստուծոյ գեղեցկութիւնը, ողորմածութեան , յոյսի գեղեցկութիւնը








All the contents on this site are copyrighted ©.