Մարոնի եպիսկոպոսները կոչ ուղղեցին արդար ներկայացուցչութիւն ապահովող ընտրական օրէնքի մը շուրջ համախոհութեան գալ, նախքան որ «ուշ ըլլայ»: Ամսական հերթական իրենց նիստի աւարտին հաղորդագրութեամբ մը Մարոնի եպիսկոպոսներու խորհուրդը դրուատեց նախագահ Աունի ցուցաբերած ազգային կեցուածքները:
Հաղորդագրութիւնը նաեւ ողջունեց երկար բացակայութենէ ետք կառավարութեան որդեգրած պետական ամավարկի նախագիծը: Ժողովականները նաեւ կարեւորութեամբ շեշտեցին խորհրդարանի այսօրուան նիստին իմաստը, ուր պիտի քննարկուին լիբանանցիներու ապրուստին առնչուող տարրական պահանջներ:
All the contents on this site are copyrighted ©. |