2017-04-06 08:20:00

Իրանի մէջ 6.1 աստիճան երկրաշարժ․ Կան զոհեր եւ փլուզումներ։


Իրանի առնուազն եօթը բնակավայրերու մէջ աւերներ եղած են երկրի հիւսիս-արեւելքին մէջ տեղի ունեցած երկրաշարժին պատճառով:

ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ իրանեան «Թասնիմ» լրատու գործակալութեան տուեալներով` երկրաշարժի կեդրոնը կը գտնուի Մեշհետ քաղաքէն 87 քիլոմեթր հարաւ-արեւելք գտնուող շրջանին մէջ:

Երկրաշարժէն ետք արձանագրուած են հինգ յետցնցումներ, որոնցմէ ամէնէն ուժեղը` 6,1 աստիճան ուժգնութեամբ: Ատոր յաջորդած են 3,6 եւ 4,7 աստիճան ուժգնութեամբ յաւելեալ չորս յետցնցումներ:

Եօթը բնակավայրերու մէջ տեղի ունեցած է բնակարաններու պատերու փլուզում: Արձանագրուած է 2 զոհ:

«Առայժմ չունինք աւերներու ամբողջական պատկերը: Բնական աղէտի շրջան ուղարկուած են փրկարարներ», յայտնած է Խորասան նահանգի մէջ Կարմիր մահիկի ղեկավար Մոհամետ Մակտուրի:








All the contents on this site are copyrighted ©.