2017-04-06 11:28:00

Գերապայծառ Կալլակեր. ''Հարկաւոր է երաշխաւորել քաղաքացիներուն պաշտպանութիւնը''։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 5 ապրիլ 2017-ին­ Պրիւքսելի մէջ տեղի ունեցաւ ՝՝աջակցիլ Սուրիոյ եւ տարածաշրջանի ապագային՝՝ խորագիրով դասախօսութիւն, որուն ընթացքին, ելոյթ ունեցաւ նաեւ Սուրբ Աթոռի պետութիւններուն հետ յարաբերութեան բաժանմունքին քարտուղար՝ Գերապայծառ Կալլակեր։

Ան  իր ունեցած ելոյթին մէջ  յարեց,  թէ Սուրիոյ  տագնապը թեւակոխեց եօթներորդ տարին։ Սուրբ Աթոռը  խորապէս  մտահոգ է  մարդկային անսահման տագնապի խնդիրով,  որ կը հարուածէ  անթիւ մանուկներ եւ քաղաքացիներ, որոնք զուրկ են մարդկային էական օժանդակութիւններէն, առողջապահական ու դաստիարակչական  կառոյցներէ։

Գերապայծառ Կալլակեր    ներկաներուն փոխանցեց Աուրբ Աթոռի պատգամը,  այն է  յարգել մարդկային միջազգային իրաւունքը,  մասնաւորապէս ՝ հայոյ քաղաքացիական պաշտպանութեան, բոլորին երաշխաւորելով բժշկական խնամակալութեան անհրաժեշտ կարիքները ։       

Վատիկանի դիւանագէտը, նշեց նաեւ,   թէ Սուրբ Աթոռը խորապէս  մտահոգ է բանտարկեալներու եւ կալանաւորներու նկատմամբ ցուցաբերուած քէշ վերաբերմունքներուն համար։  

Ի վերջոյ Ան կոչ ուղղեց, Սուրիոյ տագնապի հարցով՝ միջազգային դաշինքի մաս կազմող երկիրներուն, վերանորոգելու իրենց յանձնառութիւնը  եւ որոնելու  լաւագոյն ձեւեր զօրակցելու համար Սուրիոյ  տագնապի քաղաքական լուծման  եւ երաշխաւորելու քաղաքացիներու պաշտպանութիւնը։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.