2017-04-06 08:20:00

«ԱՊՀ բոլոր երկիրները ահաբեկիչներու կողմէ յարձակումներու հաւանական թիրախներ են» կ՛ըսէ Փութին։


«ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին յայտարարած է, որ ԱՊՀ երկիրներէն գրեթէ իւրաքանչիւրը ահաբեկչական յարձակումներու հաւանական թիրախ է:

«Մենք կը տեսնենք, որ իրավիճակը դժբախտաբար չի բարելաւուիր: Եւ ատոր լաւագոյն վկայութիւնը Ս. Փեթերսպուրկի մէջ տեղի ունեցած ողբերգական իրադարձութիւններն են: Ահաբեկչութեան պատճառով մարդիկ զոհուած են, շատ վիրաւորներ կան», ըսած է Փութին ԱՊՀ երկիրներու անվտանգութեան մարմիններու ղեկավարներու հետ հանդիպումին:

Ռուսիոյ նախագահը յիշեցուցած է, որ ԱՊՀ երկիրներուն համար ահաբեկչութենէն բացի կան նաեւ բազմաթիւ այլ վտանգներ, ինչպիսիք են` կազմակերպուած յանցագործութիւնը եւ թմրանիւթերու ապօրինի շրջանառութիւնը:

Փութին ընդգծած է, որ ԱՊՀ երկիրներու յատուկ ծառայութիւնները արդիւնաւէտօրէն կը համագործակցին երկիրներու անվտանգութեան սպառնացող գլխաւոր մարտահրաւէրներուն առնչութեամբ:

Յիշեցնենք, որ Ս. Փեթերսպուրկի մեթրոյի կայարաններէն մէկուն մէջ 3 ապրիլին տեղի ունեցած էր պայթում մը, որուն պատճառով արձանագրուած էր 14 զոհ: Վիրաւորներուն թիւը կը գերազանցէ 50-ը:

Ռուսիոյ Դաշնակցային քննչական կոմիտէն յայտնած է, որ ահաբեկչութիւնը իրականացուցած է 1995-ի ծնունդ Աքպարժոն Ճալիլով:








All the contents on this site are copyrighted ©.