2017-04-06 08:57:00

Հռոմի մէջ ''Խաչեալ Կանայքի'' զօրակցական Ճանապարհ Խաչի արարողութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ 7 ապրիլ 2017-ի երեկոյեան 7.30-ին, ''Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետ'' անուամբ հասարակութիւնը, երրորդ տարուայ համար, Հռոմի մէջ կը կազմակերպէ ''Խաչեալ Կանայքի'' զօրակցական Ճանապարհ Խաչի արարողութիւնը նուիրուած բոլոր երիտասարդ կիներուն, որոնք թիրախ են մարմնավաճառութեան, բռնութիւններուն ու այլ  տեսակ չարաշահումներուն։

Վերոնշեալ արարողութեան նախօրեակին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան ընթացքին ողջունելով  Յովհաննէս ԻԳ Քահանայապետ հասարակութեան անդամները ու խրախուսելով շարունակել գործել ի սպաս պոռնկութենէն ձերբազատուած երիտասարդուհիներուն, Հռոմի հաւատացեալները հրաւիրեց իրենց մասնակցութիւնը բերելու վերոյիշեալ Ճանապարհ Խաչի արարողութեան, որպէս մօտիկութեան ու զօրակցութեան արտայայտութիւն։








All the contents on this site are copyrighted ©.