2017-04-05 14:06:00

Հաւատոյ ժողովի քահանայապետական յանձնախումբի նամակը հայող Պիոս Ժ եղբայրութեան ։


(Ռատիօ Վատիկան) Հաւատոյ ժողովի քահանայապետական յանձնախուբմը նամակ մը գրած է Իտալիոյ եպիսկպոսաց համահաւաք դասին, Հայող  Պիոս Ժ անուան եղբայրութեան կղերականներուն՝   Սուրբ Պսակի խորհուրդը մատակարարելու արտօնութեան համար։

Նամակին մէջ քահանայապետական յանձնախումբը գրած է թէ վերջերս ֆրաչիսկոս Պապ յիշեալ միաբանութեան կղերականներուն արտօնութիւն շնորհած է  հաւատացեալներուն մատակարարելու խոստովանանքի խորհուրդը ու թէ  ընդառաջելով հաւատոյ ժողովին խնդրանքին, այժմ արտօնութիւն կը շնորհէ,  Սուրբ Պսակի արտօնագիրները շնորհելու Պիոս Ժ անուան եղբայրութեան  անդամ իրենց ծուխերուն մէջ   Սուրբ Պսակի խորհուրդի դասընթացքին հետեւող հաւատացեալ զոյգերուն եւ մատակարարելու Սուրբ Պսակի խորհուրդը։

  








All the contents on this site are copyrighted ©.