2017-04-05 11:55:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Անտառին Մէջ Գայլ Չի՛ Պակսիր

Բնութեան ազատ բնակիչները՝ վայրի գազաններն ու թռչնազգիները, զեռուններն ու միջատները իրենց քանակով շատ աւելի են քան աշխարհի տէրը համարուող մարդիկը: Դեռ մինչեւ այսօր բնապահպան կազմակերպութիւններ եւ կենդանական աշխարհը ուսումնասիրող գիտական կեդրոններ կը յայտնաբերեն կենդանիներու նոր տեսակներ, որոնք գիտական աշխարհին ծանօթ չէին մինչեւ հիմա: Մէկուն աչքին ձեւը, միւսին ինքնապաշտպանութեան իւրայատուկ կարողութիւնը, մէկ ուրիշին պոչին երկայնքը, այլ մէկուն գոյնը, եւ այլն, նորութիւններ են:

Գայլը անտառին ամէնէն վախազդու կենդանին կը համարուի, թէեւ իր ուժն ու վայրագութիւնը ունեցող այլ տեսակի գազաններ քիչ չեն: Գայլը ընդհանրապէս վայրենութեան չափանիշ համարուած է եւ ըստ այնմ ալ առակագիրներու կողմէ օգտագործուած՝ իր ա՛յս յատկանիշը նկատի ունենալով:

Գայլերու յարձակման ձեւին մասին կարելի չէ՛ վերջնական եզրակացութեան գալ: Անոնց յարձակման ժամանակը կախեալ է իրենց ստամոքսի անսուաղութենէն: Թէեւ պնդողներ ալ կան, թէ գայլը կուշտ ժամանակ ալ կը յարձակի մարդոց վրայ, հաւանաբար անոնց կողմէ սպաննուելուն առաջքը առնելու համար: Վերջապէս, գայլին բնազդը փոխել կարելի չէ՛: Գայլը խիղճ չունի, ո՛չ ալ իր բառապաշարին մէջ կարելի է «ներել» բային հանդիպիլ:

Գայլի վայրենութիւնը՝ կատաղութիւնը, յարձակողապաշտ ոգին, առակագիրներու կողմէ յաճախ կը պատշաճեցուի նոյն բնաւորութեամբ յատկանշուող մարդոց: Մարդիկ, որոնք իրենց կոշտ ու կոպիտ բնաւորութեամբ եւ վախազդու ներկայութեամբ իրենց շրջապատին մէջ հաճելի ներկայութիւն չեն, առակագիրներու կողմէ գայլին հետ կը համեմատուին: Նման անձեր, համաձայն անոնց անձը վերլուծողներուն, կը վրդովեն մարդոց խաղաղ կեանքը, այնպէս ինչպէս գայլը երբ գիւղին մօտենայ, անօրինակ իրարանցում կը ստեղծէ գիւղացիներուն կեանքին մէջ: Ամէն մէկը բրիչ ու բահ առած, զէնք ու մահակ վերցուցած դուրս կու գայ, վտարելու համար թշնամին իրենց գիւղի սահմաններէն: Այլապէս անիկա կը մտնէ նախիրին մէջ ու յօշոտելով բոլորը, աւարտին կը հասցնէ իր սարքած «խնճոյքը»:

Գայլերու կողմէ յարձակման ենթարկուելու վախը միշտ կայ անտառին մէջ: Ըստ առակագիրներու՝ մարդկային կեանքին մէջ ալ միշտ նոյն վախը կայ, որովհետեւ այնպէս՝ ինչպէս անտառին մէջ գայլ չի՛ պակսիր, մարդկային ընկերութեան մէջ ալ գայլի բնաւորութեամբ մարդիկ չե՛ն պակսիր: Ուրեմն, հասարակաց եզրեր կան երկու «ընկերութիւն»ներուն մէջ ալ, թէ՛ անտառի կեանքին եւ թէ մարդկային կեանքին:

Առօրեայ իր կեանքին ընթացքին շատ տառապած եւ զառամեալ ծերութեան հասած անձ մը, տագնապահար վիճակով դիմեց մեզի, որպէսզի ազատեմ զինք ընտանիքի անդամներուն պատճառած նեղութիւններէն: Ան կը բողոքէր հարազատներուն դէմ, որոնք դժուարութիւններ կը յարուցէին իրեն, իր իսկ հարազատ տան մէջ: Ծերունիին չար բախտը այնպէս տնօրինած էր, որ այդ օրերուն նաեւ հեռաւոր ազգական մը ժամանած էր իրենց ապրած երկիրը եւ որոշած էր մնալ այնտեղ՝ նո՛յն տան մէջ:

Ծերունին, տեսնելով տան մէջ տիրող անտանելի վիճակը, ճարահատ դիմեց մեզի, յիշեցնելով ծանօթ առածը. «Անտառին մէջ կարծես թէ գայլ կը պակսէր, մէկ հատ ալ նաւով եկաւ»:

Խորամանկ եւ յարձակողապաշտ ոգիով մարդիկ անպակաս են այս կեանքին մէջ: Անոնց կարելի է հանդիպիլ ամէն տեղ, ամէն առիթով: «Վատին վատագոյնը կայ», կ՛ըսէր լայնախոհ ու կեանքի փորձառութեամբ ծանրաբեռն ծերունի բարեկամս, որուն խօսքերն ու խրատները կարօտնալու բազմաթիւ պատճառներ ունիմ: Անտառի գայլերուն ներկայութիւնը դժուարութիւն համարողը, հիմա ինկած էր «նաւով հասած»ին ձեռքը, որուն պատճառած նեղութիւնները շատ աւելի ծանր կը տանէր, քան՝ անտառին մէջ ապրող նախկին բոլոր գայլերուն պատճառած դժուարութիւնները: Փաստօրէն բոլորն ալ գայլ են, նոյն բնութեամբ ստեղծուած եւ նոյն վայրենութեամբ յատկանշուող: Սակայն անոնց մէջ ալ յարձակողապաշտ ոգիի աստիճանաւորումներ կան, ինչպէս մարդկային մեր կեանքին ընթացքին մեզի հանդիպող «գայլ»երուն պարագային, կա՛ն ուղղակի յարձակում գործողներ եւ անուղղակի մեր վրայ յարձակողներ: Յատկապէս վոհմակով յարձակումի ելած գայլերու պարագային նկատելի է, որ անոնցմէ ոմանք ետեւի շարքերուն մէջ կը կանգնին, իրենց ընկերները առաջ քշելով, որպէսզի ստիպողութեան պարագային յանկարծ յայտնուին եւ իրենց միջեւ բաժնուին աւարը:

Անտառին մէջ անպակաս եղող գայլերէն զգուշացիր, իսկ «նաւով հասած»էն՝ աւելի՛ շատ…։

 








All the contents on this site are copyrighted ©.