2017-04-05 11:38:00

«Մոսկուան պատրաստ է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման երաշխաւորը դառնալու» կ՛ըսէ Լաւրով


Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով Ռուսիոյ եւ Ազրպէյճանի միջեւ դիւանագիտական յարաբերութիւններու հաստատման 25-ամեակին առիթով «Պաքուի աշխատաւոր» թերթին մէջ լոյս տեսած իր յօդուածին մէջ կը յայտնէ, որ Մոսկուա պատրաստ է միւս համանախագահներուն հետ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման երաշխաւորը  դառնալու, եթէ Պաքուն ու Երեւանը համաձայնութեան գան: «Ռուսիան պատրաստ է աջակցելու խնդիրի լուծման տարբերակին, որ պիտի գոհացնէ բոլոր ներգրաւուած կողմերը», նշած է ան:

Ան յայտնած է, որ միջնորդներու աջակցութեան շնորհիւ կողմերը զգալիօրէն մօտեցուցած են տագնապի լուծման հարցին մէջ իրենց դիրքորոշումները, լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ հիմնականին մէջ համաձայնութիւն գոյութիւն ունի:

«Հիմնականին մէջ համաձայնութիւն գոյացած է լուծման հիմնարար սկզբունքներուն շուրջ: Սակայն Ազրպէյճանը եւ Հայաստանը տարբեր ձեւով կը տեսնեն զանոնք կեանքի կոչելու յաջորդականութիւնը», նշած է ան` Երեւանին ու Պաքուին կոչ ուղղելով քաղաքական կամք եւ փոխադարձ զիջումներու երթալու պատրաստակամութիւն դրսեւորելու:

«Ի հարկէ, յառաջխաղացման կարեւոր պայման կը մնան տագնապի գօտիին մէջ լարուածութեան ընդհանուր նուազեցումը եւ ատոր լուծման ուժային միջոցներու փորձերէն հրաժարումը: Ռուսիան, իր կարգին, պատրաստ է աջակցելու խնդիրի լուծման տարբերակին, որ ընդունելի պիտի ըլլայ ներգրաւուած բոլոր կողմերուն համար, իսկ համաձայնութեան ձեռքբերման պարագային` միւս միջնորդներուն հետ միասին հանդէս գալու իբրեւ լուծման երաշխաւոր», ըսած է Լաւրով:








All the contents on this site are copyrighted ©.