2017-04-03 13:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապի Եգիպտոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան յայտագիրը.


(Ռատիօ Վատիկան) 

Յառաջիկայ 28- 29 ապրիլ 2017-ին,  ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը,

''Խաղաղութեան Քահանայապետը` խաղաղութեան Եգիպտոսի մէջ'' բնաբանով
երկօրեայ առաքելական այցելութիւն կը կատարէ Եգիպտոս։ Այս առնչութեամբ Երկուշաբթի 3 ապրիլ 2017-ին հրապարակուեցաւ  վերոնշեալ ճամբորդութեան յայտագիրը,  որուն մէջ նշուած է թէ ուրբաթ, 28 ապրիլ 2017-ին,Սրբազան Քահանայապետը փոխադրող օդանաւը թռիչք կ՝առնէ դէպի Գահիրէ, առաւօտեան ժամը 10,45-ին, Հռոմի  ֆիումիչինօ միջազգային օդակայանէն։

Երեք ժամ քառորդ տեւողութեամբ թռիչքէ ետք, Եգիպտոսի ժամով ՝ յետմիջօրէի երկուքին, ֆրանչիսկոս Պապի օդանաւը վայրէջք կը կատարէ Գահիրէի միջազգային օդակայան­ ուր նախատեսուած է  պաշտօնական ընդունելութիւն ապա Հելիոպոլիսի  Նախագահական պալատին մէջ բարի գալուստի պաշտօնական արարողութիւն ուր Ֆրանչիսկոս Պապ քաղաքավարական այցելութիւն կու տայ Եգիպտոսի հանրապետութեան նախագահին։ Ճամբորդութեան առաջին օրուայ յայտագիրը կը նախատեսէ ապա Ալ Ազհար Աւագ Իմամին այցելութիւնը ու Ալ Ազհար համալսարանին  մէջ  խաղաղութեան նուիրուած միջազգային համաժողովի անդամներուն հետ հանդիպում, ուր նախատեսուած են Աւագ Իմամին ու Ֆրանչիսկոս Պապին ճառերը։,

Յետմիջօրէի տեղական ժամով 4,00-ին, ֆրանչիսկոս Պապ հանդիպում կ՝ունենայ երկրի քաղաքական իշխանութեան ներկայացուցիչներուն հետ անոնց ուղղելով իր պատգամը ապա կ՝այցելէ Ղպտիներու Թավատրոս Բ Պատրիարքը, որով վերջ կը գտնէ առաքելական ճամբորդութեան առաջին օրուան յայտագիրը։

Շաբաթ, 29 ապրիլ 2017-ի, առաւօտեան ժամը 10,00-ին, ֆրանչիսկոս Պապ կը նախագահէ Սուրբ Պատարագի արարողութիւնը, որուն առթիւ կ՝արտասանէ յաւուր պատշաճի խօսքը ապա կէսօրուան ճաշը կը բաժնեկցի Եգիպտոսի եպիսկոպոսներու եւ իրեն ընկերացող պատուիրակութեան անդամներուն հետ։

Յետմիջօրէին, ժամը 15,15-ին, ֆրանչիսկոս Պապ կը հանդիպի Եգիպտոսի Կաթողիկէ կղերական դասին հետ անոնց փոխանցելով իր սրտի խօսքը, ապա հրաժեշտ առնելով բոլորէն կ՛ուղղուի օդակայան ուր հրաժեշտի պաշտօնական արարողութենէն ետք  տեղական ժամով 5-ին կը բարձրանայ օդանաւ վերադարձ կատարելու համար Հռոմ ապա Վատիկան, ուր ժամանումը նախատեսուած է Հռոմի ժամով 20,30-ին։








All the contents on this site are copyrighted ©.