2017-04-03 12:35:00

Ֆրանչիսկոս Պապի 3 ապրիլի քարոզը. ''Յիսուս օրէնքին լրումն է եւ ողորմութեամբ կը դատէ'' ։


(Ռատիօ Վատիկան) Երկուշաբթի, 3 ապրիլ 2017-ին, առաւօտեան, Վատիկանի Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ  ֆրանչիսկոս Պապ մատուցանեց Սուրբ Պատարագի զոհը,  որուն ընթացքին արտասանած քարոզին  մէջ  հրաւիրեց  չդատապարտել մարդիկը` Յիսուսի նման ըլլալ ներողամիտ։ Անդրադառնալով Սուրբ Գրային ընթերցումին՝ քաղուած Յովհաննէս Աւետարանիչէն , ուր կը խօսուի շնացող կնոջ մասին,  որ Յիսուս կ՛ազատէ զինք դատապարտողներէն անոնց ըսելով '' ձեր մէջ անմեղը թող առաջին քարը նետէ ''

Ֆրանչիսկոս Պապ քարոզը կեդրոնացուց կաշառակերութեան մեղքին վրայ, ըսելով որ  աշխարհի մէջ միշտ գոյութիւն ունեցած են  կաշառակեր դատաւորներ ու թէ  այսօր եւս կան կաշառակերներ ու հարց տալով թէ ուրկէ կը ծագի կաշառակերութիւնը Նորին Սրբութիւնը հաստատեց թէ ան որպէս պարզ մեղք մը չէ, որովհետեւ եթէ մեղանչենք եւ ընդունինք մեր մեղքը ու առաջադրենք դարձեալ չի կատարել զայն ներում կ՛ընդունինք։ կաշառակերութիւնը սակայն այն մեղքն է որ  կը թափանցէ խղճին խորքը , եւ թոյլ չի տար  նոյնիսկ շունչ առնելու։  

Այդ ժամանակ ամէն ինչ մեղք կը դառնայ։ Կաշառակեր մարդիկը համոզուած են, որ լաւ կը գործեն ու այդպէսով յառաջ կ՛ընդանան ու իրենց կարծր սրտով կը դատեն իրողութիւնները այնպէս ինչպէս պատահեցաւ շնացող կնոջ դատապարտողներուն։

Յիսուս, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը, քիչ խօսքեր արտասանեց  ՝՝ձեր մէջ անմեղը թող առաջին քարը նետէ՝՝ ու Մեղաւոր կնոջ ըսաւ ''Ոչ ալ ես քեզ կը դատապարտեմ , գնա , բայց այսուհետեւ մի մեղանչեր''։ ՝՝Ահա այս է օրէնքին լրումը, ոչ թէ փարիսեցիներուն ու դպիրներուն,  որոնք կաշառակերուած մտքով անթիւ օրէնքներ գրեցին, առանց տեղ տալու ողորմութեան։ Յիսուս օրէնքի լրումն  է։ Ան կը դատէ ողորմութեամբ'' յարեց ապա Սրբազան Քահանայապետը որ  Քարոզին աւարտին հրաւիրեց հարց տալու, եթէ մենք եւս մեր սրտին մէջ կը դատենք ուրիշները ու եթէ  կաշառակերներ ենք։

Կանգ առէք։ կանք առնենք ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ ու նայինք Յիսուսին, որ միշտ կը դատէ ողորմութեամբ յիշելով Անոր խօսքերը  ՝՝Ես ալ քեզ չեմ դատապարտեր։ Գնա բայց  այսուհետեւ մի մեղանչեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.