2017-04-03 09:28:00

Նախագահ Սերժ Սարգսեան այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն


Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ պաշտպանութեան նախարար Վիգէն Սարգսեանի եւ զինուած ուժերու բարձրաստիճան սպայակազմի ընկերակցութեամբ այցելած է «Եռաբլուր» զինուորական պանթէոն:

Ըստ նախագահի պաշտօնական կայքին, նախագահ Սարգսեան յարգանքի եւ երախտագիտութեան տուրք մատուցած է հակառակորդին  կողմէ սանձազերծուած ապրիլեան զինուորական գործողութիւններու ժամանակ հայրենիքի սահմաններու պաշտպանութեան ընթացքին  անձնուիրաբար զոհուած մերօրեայ հերոսներուն եւ արցախեան ազատամարտին հայրենիքի անկախութեան համար իրենց կեանքը զոհաբերած բոլոր հայորդիներուն յիշատակին:








All the contents on this site are copyrighted ©.