2017-04-03 08:31:00

Ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքներով` Ազգային Ժողով կ՛անցնին 4 քաղաքական ուժեր։


ՀՀ կեդրոնական ընտրական յանձնաժողովը (ԿԸՅ) քիչ առաջ կայացած նիստին ամփոփեց Ապրիլ 2–ին կայացած ընտրութիւններուն նախնական արդիւնքները:

Համաձայն այդ տուեալներուն` Ազգային Ժողով կ’անցնի 4 քաղաքական ուժ Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն` 49,12%, «Ծառուկեան» դաշինք` 27,32%, «Ելք»` 7,77%,  Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն` 6,57%:

ԿԸՅ նախագահ Տիգրան Մուկուչեան ներկայացուց նախնական արդիւնքներուն արձանագրութիւնը, որ ստորագրեցին ԿԸՅ  անդամները:

Ըստ որուն` կուսակցութիւններուն  միջեւ ձայները բաշխուած են հետեւեալ կերպով`

«Ելքէ»կուսակցութիւններու դաշինք –  122049, 7,77 %

«Ազատ դեմոկրատներ» կուսակցութիւն – 14746, 0,94%

«Հայկական վերածնունդ» կուսակցութիւն – 58277, 3,71%

«Ծառուկեան» կուսակցութիւններու դաշինք – 428965, 27,32%

«Կոնգրես- ՀԺԿ» կուսակցութիւններու դաշինք – 25975, 1,65%

Հայաստանի հանրապետական կուսակցութիւն – 771247, 49,12%

Հայաստանի կոմունիստական կուսակցութիւն – 11745, 0,75%

«Օհանեան-Րաֆֆի –Օսկանեան» կուսակցութիւններու դաշինք – 32504, 2,07%

«Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւն» կուսակցութիւն – 103173, 6,57%

Ընտրութիւններու առընչութեամբ յայտնենք թէ կիրակի, 2 ապրիլ 2017-ին, Հայաստանի ժամանակացոյցով երեկոյեան ժամը 8:00-ին վերջ գտաւ քուէարկութիւնը ու 2009 տեղամասերը փակեցին իրենց դռները:

Ընտրութիւններուն մասնակցեցան 5 կուսակցութիւններ եւ 4 դաշինքներ: Խորհրդարան անցնելու համար կուսակցութիւններուն անհրաժեշտ է ստանալ ընտրողներու քուէներուն 5 առ հարիւրը, դաշինքներուն` 7 առ հարիւրը:

Հայաստանի Ազգային ժողովի ընտրութիւններուն ընդհանուր առմամբ մասնակցած է ընտրելու իրաւունք ունեցող քաղաքացիներուն 60,86 առ հարիւրը: Լրագրողներու  հետ հանդիպումի մը ընթացքին այս մասին յայտնած է Հայաստանի Հանրապետութեան Կեդրոնական ընտրական յանձնախումբի նախագահ Տիգրան Մուկուչեան: «Ընտրելու իրաւունք ունեցող 2 միլիոն 587 հազար 706 քաղաքացիներէ Ազգային ժողովի ընտրութիւններու քուէարկութեան  մասնակցած է 1 միլիոն 574 հազար 947 քուէարկող», ըսած է Մուկուչեան:








All the contents on this site are copyrighted ©.