2017-04-02 17:45:00

Ֆրանչիսկոս Պապին հանդիպումն ու պատգամը Միռանտոլայի բնակչութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի` 2 ապրիլ 2017-ին, Քարփի կատարած հովուական այցելութեան ծիրէն ներս, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Քարփիի ''Նահատակնրու'' հրապարակի տարածքին մատուցած սուրբ պատարագի զոհի ու Մարեմեան աղօթքի աւարտին, օրհնեց Քարփի թեմին պատկան նոր կառուցելիք երեք թեմական կառոյցներու անկիւնաքարերը­, ապա Քարփիի Թեմական Նորընծայարանին մէջ` թեմին կղերական դասին հետ  բաժնեկցեցաւ կէսօրուան ճաշը, որմէ ետք  անոնց հետ ունեցաւ պաշտօնական հանդիպում մը։

Հանդիպումի աւարտին Սրբազան Քահանայապետը տեղափոխեցուեցաւ Միռանտոլա` ուր այցելելէ ետք երկրաշարժէն տակաւին կիսաւեր աթոռանիստ եկեղեցին, եկեղեցւոյ հրապարակին վրայ հանդիպում ունեցաւ Միռանտոլայի բնակչութեան հետ ու այս առթիւ անոնց արտասանած սրտի խօսքին մէջ, ակնարկելով երկրաշարժի թողած տեսանելի նշաններուն եւ իր նախորդ Պենետիկտոս ԺԶ Քահանայապետի 2012 թուականին կատարած` քաջալերանքի ու զօրակցութեան հովուական այցելութեան, նշեց թէ ինք եւս այսօր կը գտնուի այդ վայրին մէջ վերահաստատելու եկեղեցւոյ սէրը ու իւրաքանչիւրին վկայելու իր մօտիկութիւնն ու քաջալերանքը վերակառուցումի աշխատանքին ի տես։

Ողջունելով ապա տեղական եկեղեցական, քաղաքական ու քաղաքացիական իշխանութիւնները Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց երկրաշարժի թողած վէրքերուն, ըլլայ ներքին թէ արտաքին, մաղթանք յայտնելով որ հակառակ ամէն ինչի` չպակսի շրջանի բնակչութիւնը յատկանշող կամքը, յոյսը ու ջանասիրութիւնը ու հրաւիրեց յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները ու վերակառուցել հոգեակն եւ նիւթական կառոյցները։

Խօսքին աւարտին Սրբազան Քահանայապետը յատուկէն անդրադարձաւ երկրաշարժի զոհերուն ու աղօթք բարձրացուց առ Աստուած անոնց հոգւոյն հանգստեան, ինչպէս նաեւ անոնց ընտանեկան պարագաներուն ու բոլոր անոնց որոնք տակաւին կը գտնուին դիւրաբեկ պայմաններու մէջ։

Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, երկու շաբաթէն պիտի նշենք Սուրբ Յարութեան տօնը։ Թող որ Յարուցեալ Տիրոջ ուժը ձեզի թիկունք կանգնի ձեր վերակառուցման աշխատանքի գործընթացին մէջ ու ձեզի յոյս ներշնչէ''  ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը հայցելով Սուրբ Կոյս Մարիամի ու պաշտպան սուրբերուն բարեխօսութիւնը ու բոլոր ներկաներուն շնորհելով առաքելական օրհնութիւնները։

Միռանտոլայի մէջ ունեցած հանդիպումով վերջ գտաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին միօրեայ հովուական այցելութիւնը որմէ ետք Սրբազան Հայրը վերադարձ կատարեց Վատիկան։








All the contents on this site are copyrighted ©.