2017-04-02 12:30:00

''Տիրամօր նուիրենք մեր ուրախութիւնները, ցաւերն ու յոյսը'' ըսաւ Ֆրանչիսկոս Պապ


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի, 2 ապրիլ 2017-ին, Քարփի քաղաքի Մարտիրոսաց հրապարակին վրայ մատուցած Սուրբ Պատարագի աւարտին, ֆրանչիսկոս Պապ նոյն վայրէն արտասանեց կիրակնօրեայ աւանդական Մարեմեան աղօթքը։   Աղօթքէն առաջ Նորին Սրբութիւնը խօսքը ուղղելով ներկաներուն հրաւիրեց

Տիրամօր նուիրել իրենց ուրախութիւնները, ցաւերն ու յոյսերը ու Անորմէ Խնդրել,  որ ողորմած հայեացքը կեդրոնացնէ, մեր մէջ գտնուող տառապող անձերուն վրայ, յատկապէս հիւանդներուն, աղքատներու եւ արժանավայել  աշխատանքէ զուրկ եղող անձերուն։ 

Սրբազան Հայրը ապա ոգեկոչելով տեղական եկեղեցւոյ երկու աշխարհական դէմքերու առաքելական եռանդը՝ երանելի Օտուարտօ ֆոքերինիին եւ Աստուծոյ աղախին  Մարիաննա Սալթինի՝ Քրիստոսի սիրոյ վկաները, ողջունեց աշխարհական հաւատացեալները, քաջալերելով զանոնք հասարակաց կեանքին մէջ դառնալու աւետարանի դերակատարներն ու վկաները։

Սրբազան Հայր  հուսկ շնորհակալութիւն յայտնեց Էմիլիա Ռոմանիա մարզի եպիսկոպոսներուն՝ իրենց ներկայութեան համար,  յատուկէն ողջունեց տեղւոյն թեմի առաջնորդը՝ գերապայծառ ֆրանչեսքֆօ Քավիան,  յորդորելով բոլորին, նեցուկ կանգնիլ  իրենց քահանաներուն, ունկնդրելով ու մօտիկութիւն ցուցաբերելով անոնց։

ֆրանչիսկոս Պապ ի վերջոյ շնորհակալութիւն յայտնեց հաւատացեալներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն , կրօնաւորուհիներուն, քաղաքական իշխանութիւններուն ու բոլոր անոնց որոնք գործակցեցան սոյն այցելութիւնը կազմակերպելու համար։

Մեր կեանքը, եկեղեցւոյ ու աշխարհի ճակատագիրը յանձնենք Մարիամին՝ մեր Մօր,  միասնաբար աղօթելով Մարեմեան աղօթքը – ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը խօսքին աւարտին եւ արտասանեց Հրեշտակ Տեառն աղօթքը։








All the contents on this site are copyrighted ©.