2017-04-02 09:48:00

Գերապայծառ Փալիայի զրոյցը`Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապի մահուան 12-րդ տարեդարձին առթիւ։


(Ռատիօ Վատիկան) 12 տարիներ առաջ՝ ճիշդ  2 ապրիլին, Երկնաւոր Հօր տուն վերադարձաւ` Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ երջանկայիշատակ Քահանայապետը։ Այսպէսով վերջ գտաւ եկեղեցւոյ պատմութեան մէջ արձանագրուած Սուրբ Պետրոսի յաջորդներէն մէկուն Քահանայապետութեան ամենէն երկար ժամանակաշրջանը։

Երջանկայիշատակ  Քահանայապետի մահուան տարելիցի առթիւ, Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ անուան հաստատութեան նախագահ՝ Գերապայծառ Վինչենցօ Փալիա , Վատիկանի Ռատիոկայանի հետ ունեցած  զրոյցի մը ընթացքին, բաղդատութիւններ  կատարելով երբեմնի ու ներկայ քահանայապետերու միջեւ,  յայտնեց թէ    Սուրբ Յովհաննէս Պօղոս Բ  քահանայապետ եւ ֆրանչիսկոս Պապ՝Աւետարանէն զատ,  ունին  միեւնոյն ակնաղբիւրը՝  Վատիկանի Տիեզերական ժողովը,  որ երկու Պապերու համար համարուած է բեւեռային աստղ։

Գերապայծառ Փալիա նկատել տուաւ, որ ՅՊԲ  եւ ֆրանչիսկոս Պապ, որպէս եպիսկոպոսաց սիւնհոդոսի առաջին նիւթ ընտրած են ընտանիքի նիւթը, ընդգծելով որ երկու պապերու սոյն  որոշումը` կրկնութիւն մը չէ  այլ  աստիճանական խորացում։ 

Մեկնելով Սուրբ ՅՊԲ  ''Familiaris consortio'' յորոդորագիրէն, հասնելով ֆրանչիկսոս Պապի Amoris Laetizia - Սիրոյ ուրախութիւն -  յորդորագիրին,  գերապայծառ Փալիա զանոնք նկատած է  շարունակական, որոնց մէջ կը բացայայտուին վերջին երկու  տասնեակ տարիներուն քահանայապետերուն վարդապետութիւնը։

Հարցազրոյցի աւարտին գերապայծառ Փալիա յատուկէն նշեց ,  որ վերջերս Պալքան երկիրներուն այցելութեան ժամանակ,   յիշած է Սուրբ ՅՊԲ -ի  տածած ջանքերը,   միջամտելու եւ դադրեցնելու այդ տարածաշրջանի մէջ իրականացած ողբերգական եւ արիւնալի պատերազմը ։ ՝՝Սուրբ ՅՊԲ  շատ կը փափաքէր  եւ միեւնոյն ժամանակ  կ՝ուզէր այցելել  երեք մայրաքաղաքներ, Զակապրիա, Աարաեւօ եւ Պելկրատ՝՝ ըսած է գերապայծառ Փալիա ու անդրադարձած է թէ ինչպէս Ան հակառակ Վատիկանեան դիւանագիտութեան արգելքին, նպատակադրած է այցելել Սարայեւոն։  Գերապայծառ Փալիա Սուրբ ՅՊԲ քահանայապետի  խաղաղութեան ի սպաս ցուցաբերած այդ հաստատ վճռակամութիւնը համարած է մեծ պարգեւ,  աւեցնելով որ ֆրանչիսկոս Պապ եւս  այդ պարգեւը յառաջ կը տանի մեծ սիրով։








All the contents on this site are copyrighted ©.