2017-04-01 12:00:00

Ֆրանչիսկոս Պապին ինքնագիր նամակը հայող Սրբավայրերու պատասխանատուութեան։


(Ռատիօ Վատիկան) Լուրտի Տիրամօր ծիսական տօնին օրը անցեալ 11 Փետրուար 2017-ին Ֆրանչիսկոս Պապ ստորագրած է մէկ ինքնագիր նամակ մը որով աշխարհի Սրբավայրերու պատասխանատուութիւնը յանձնած է Նոր աւետարանութեան զարգացումի Քահանայապետական խորհրդուին։

Նամակին մէջ Նորին Սրբութիւնը հաստատած է թէ Սրբավայրը Եկեղեցւոյ համար ունի խորհրդանշական կարեւորութիւն, ու այդտեղ ուխտագնացութիւններ կատարելը հաւատքի դաւանանքի հարազատ ու անկեղծ արտայայտութիւն է։ Ֆրանչիսկոս Պապ հաստատած է նաեւ թէ Սրբավայրերը այսօր եւս, աշխարհի բոլոր շրջաններուն մէջ կը յատկանշեն հեզ ու պարզ հաւատացեալի հաւատքի արտայայտութիւնը` ուր ան կը փորձարկէ Աստուծոյ Մօտիկութիւնը, Սուրբ Կոյսի քնքշութիւնը ու Սուրբերու աջակցութիւնը։

Այս վայրերը, հակառակ ժամանակակից աշխարհը յուզող հաւատքի տագնապին կը մնան այն սուրբ վայերը ուր ուխտաւորը կ՛երթայ պահ մը լրութեան մէջ կանգ առնելու,  հեռու առօրեայի մոլեգին կեանքէն։

Սրբավայրերը կը դառնան իսկական ապաստան ուր վերագտնել մենք զմեզ ու ապաշխարութեան ուժը։ Այնտեղ հաւատացեալը կարող է նաեւ ընդունիլ իրեն կեանքի ուղեւորութեան համար աջակցութիւն։ Սրբավայրը ապա վայրն է Աստուծոյ Խօսքի հռչակումին, խորհուրդներու մատակարարումին ու յատկապէս ապաշխարութեան ու Սուրբ Հաղորդութեան խորհուրդներուն, ինչպէս նաեւ վայրը եղբայրսիրութեան վկայութեան, որով ուխտաւորները յանձնառու կը դառնան իրենց քրիստոնէական կազմաւորումը աւելի պատասխանատուութեամբ ապրիլ ու իրենց կարգին դառնալ աւետարանիչներ։

Այս բոլորին լոյսին տակ Նորին Սրբութիւնը որոշեց Եկեղեցւոյ բոլոր սրբավայրերու պատասխանատուութիւնը փոխանցել ու յանձնել Նոր աւետարանութեան զարգացումի Քահանայապետական խորհրդուին, որ մինչեւ օրս կը պատկանէր Կղերի Ժողովին։








All the contents on this site are copyrighted ©.