2017-04-01 09:08:00

«Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը զինուորական լուծում չունի» կ՛ըսէ Գուրց։


ԵԱՀԿ գործող նախագահ, Աւստրիոյ ԱԳՆ ղեկավար Սեբաստեան Գուրցը միացած է ԵԱՀԿ Մինսկի խումբի համանախագահներու արցախեան հակամարտութեան քաղաքական կարգաւորման գործընթացը վերսկսելու կոչին, որուն մասին նշուած է Մարտ 9-ին կատարած անոնց յայտարարութեան մէջ:

«Պայքարն ու բռնութիւնը, որ մենք տեսանք մէկ տարի առաջ, ամենասարսափելին է վերջին երկու տասնամեակին, յանգեցուցին աւերածութիւններու, տառապանքներու եւ մարդկային կորուստներու: Ատիկա վառ յիշեցումն է այն բանի, թէ որքան արագ ռազմական կառուցակազմը կրնայ խաթարել խաղաղութիւն ձեռք բերելու ջանքերը: Ատոր հետ կապուած` մենք կողմերուն կոչ կ՝ընենք զերծ մնալու ցանկացած գործողութիւններէ, որոնք սպառնալիքի տակ կը դնեն հրադադարը: Բոլոր կողմերը պէտք է կատարեն միջազգային մարդասիրական պարտականութիւններուն խստօրէն հետեւելու պարտաւորուածութիւնը, ռազմական յանցագործութիւնները երբեք արդարացուած չեն կրնար ըլլալ»,- յայտարարած է Գուրց:

Յիշեցնելով 2016-ի Ապրիլին սահմանագծի վրայ բռնութեան բորբոքման մասին` Գուրց նշած է, որ բանակցութիւններուն մէջ ինքը նոր ազդակի յոյս ունի:

 «Սամանագծին վրայ զոհերու յանգեցնող բախումներն ու հրադադարի լուրջ խախտումները անցեալ տարուան ընթացքին անհանգստութեան տեղ տուին: Ժամանակն է կեդրոնանալու վստահութիւնը ամրապնդող գործանական քայլերու, ինչպէս նաեւ էական բանակցութիւններու վերսկսման վրայ», – ընդգծած է Աւստրիոյ ԱԳՆ ղեկավարը:

Այդ ծիրէն ներս՝ Գուրցը ափսոսանք յայտնած է, որ 2016-ի ապրիլեան ողբերգական իրադարձութիւններէն ետք զոհեր եղած են, եւ տուժած ընտանիքներուն ցաւակցութիւն յայտնած: «Անցեալ տարուան ռազմական գործողութիւններուն հետեւանքները հայերուն եւ ատրպէյճանցիներուն խանգարեցին հաւատալու խաղաղութեան, բայց, ինչպէս ես արդէն բազմիցս յայտարարած եմ, արցախեան հիմնախնդրի ռազմական լուծում գոյութիւն չունի: Մենք այժմ պէտք է խաղաղութիւն ծրագրենք եւ թոյլ չտանք պատերազմի վերադարձը` իր բոլոր սարսափելի հետեւանքներով»,- աւելցուցած է Գուրց:

ԵԱՀԿ գործող նախագահը նաեւ բարձր գնահատած է դեսպան Անճէյ Գասպրշիկին եւ անոր խումբին աշխատանքը,որուն վկայութիւնն է 2017-ի Փետրուարին Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէի աշխոյժ համագործակցութիւնը զոհուած զինծառայողներու մարմինները վերադարձնելու հարցով:

«ԵԱՀԿ նախագահութիւնը պատրաստ է իր վաստակը ներդնելու 2016-ին Վիեննայի եւ Ս. Փեթերզպուրկի գագաթնաժողովներուն ընթացքին ձեռք բերուած համաձայնութիւններու յետագայ իրականացման ու առաջխաղացման մէջ»,- ամփոփա է Գուրց:








All the contents on this site are copyrighted ©.