2017-03-31 09:50:00

Գերապայծառ Փոլ Կալլակէր. Քրիստոնեաները միշտ աւելիով հալածուած են Եւրոպայի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Սուրբ Աթոռի Պետութիւններու հետ յարաբերութեան քարտուղար` գերապայծառ Փոլ Կալլակէր Միլանի ''Կաթողիկէ'' համալսարանին մէջ, Կրօնի ազատութեան մասին մէկ ձեռնարկի ծիրէն ներս ներկայացուց ''Սուրբ Աթոռը եւ կրօնի ազատութեան պաշտպանութիւնը Պիոս ԺԱ-էն մինչեւ Ֆրանչիսկոս'' նիւթին մասին զեկոյց մը որուն մէջ դիտել տուաւ թէ աշխարհի մէջ վերջին ժամանակաշրջանին  կրօնի ազատութիւնը` որ հիմնական ազատութիւններու մաս է, մեծ ճգնաժամ մը կ՛ապրի ու յաճախ վտանգի մէջ է եւ որոշ շրջաններուն մէջ տեղի կ՛ունենան բացայայտ հալածանքներ որոնց առաջին թիրախներն են քրիստոնեաները։

Այս երեւոյթին դրդապատճառները վերագրուած են բռնատէր կառավարութիւններու ու նաեւ ժողովրդավարական այն երկիրներուն ուր կրօնական ծաւալի նկատմամբ ժխտական մօտեցում կայ, ինչպէս նաեւ աշխարհայնացումի մշակոյթի տարածումին` ուր կրօնը ըմբռնուած է որպէս անցեալի իրողութիւն զոր պէտք է շրջանցել։

Գերապայծառ Կալլակէր մատնանշեց թէ Եւրոպայի մէջ եւս քրիստոնեաները ենթարկուած են հարստահարումներու, անհանդուրժողականութեան ու խտրականութեան ու ակնարկելով 2015-ի Եւրոխորհուրդի խորհրդարանի մէկ ընդունած բանաձեւին հայող Եւրոպայի մէջ խտրականութեան դէմ պայքարին, որուն մէջ յանձնարարուած է բոլոր անդամ երկիրներուն իրենց սահմաններէն ներս երաշխաւորել կրօնական ազատութիւնը , հաստատեց թէ թէեւ այդ բանաձեւը ընդունուած է ու Եւրոմիութեան անդամ երկիները զայն պէտք են կիրակել  այսօրուայ դրութեամբ այդ ազատութիւնը դժբախտաբար ժխտուած է որոշ կրօնական խումբերու համար։

Վատիկանի դիւանագէտը ապա ընդգծեց թէ աշխարհը կ՛ապրի միջազգային ահռելի տագնապ մը, ի տես անոր դիմաց կայացած անհամար մարտահրաւէրներուն, հրաւիրելով չի փակուիլ մենք մեր մէջ, ու թոյլ չտալ որ Ֆրանչիսկոս Պապին դատապարտած ''անդրաբերութեան համաշխարհայնացումը'' ոտնակոխ ընէ մեզ։








All the contents on this site are copyrighted ©.