2017-03-31 13:26:00

Յայտնի է Ֆրանչիսկոս Պապին Եգիպտոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան նշանաբանը։


(Ռատիօ Վատիկան) Յայտնի դարձաւ Ֆրանչիսկոս Պապին յառաջիկայ 28 եւ 29 ապրիլին Եգիպտոս կատարելիք առաքելական ճամբորդութեան խորհրդանիշն ու նշանաբանը. ''Խաղաղութեան Քահանայապետը` խաղաղութեան Եգիպտոսի մէջ''։

Նշանաբանը կազմուած է երեք հիմնական տարրերէ. Եգիպտոսը ներկայացուած է իր Նիղոս գէտով որ է նաեւ կեանքի խորհրդանիշ, Եգիպտոսի Բուրգերու ու Սֆինքսերու հետ միասին որոնք կը խորհրդանշեն Երկրին քաղաքակրթութիւնը։ Ապա կայ Խաչն ու Կիսալուսինը որոնք կը խորհրդանշեն Եգիպտոսի զանազան խաւերու միջեւ համակեցութիւնը։ Ի վերջոյ պատկերացուած է նաեւ աղաւնի մը որ կը խորհրդանշէ խաղաղութիւնը` որ է ամենամեծ պարգեւը որուն կը ձգտի մարդ էակը։ Աղաւնին Քահանայապետին առջեւէն կը քալէ` հաղորդելու համար անոր ժամանումը որպէս Խաղաղութեան Քահանայապետ` խաղաղութեան երկրի մը մէջ։








All the contents on this site are copyrighted ©.