2017-03-31 08:30:00

Մարդկային համապարփակ զարգացման ծառայութեան ի սպաս գիտաժողով Վատիկանի մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Վատիկանի ՝՝Սիւնհոդոսի՝՝ անուան դահլիճին մէջ, յառաջիկայ 3-4 մարտ 2017-ին,  տեղի կ՝ունենայ ՝ ՝՝հեռանկարներ՝ մարդկային համապարփակ զարգացման  ծառայութեան ի սպաս՝՝ նիւթ ունեցող երկօրեայ գիտաժողով, ''Populorm Progressio''  Վատիկանեան փաստաթուղթին հրատարակումի 50-րդ տարեդարձին առթիւ,  կազմակերպութեամբ Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին։

Յիշեալ գիտաժողովին իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Սուրբ Աթոռի մարդկային համապարփակ զարգացման ժողովին քարտուղար եւ Պապական նուիրակ գերապայծառ Սիլվանօ Մարիա Թոմազի,  միեւնոյն ժողովի կառավարիչ կարդինալ Փիթեր Թուրքսոն,  Սուրբ Աթոռի հաւատոյ ժողովի կառավարիչ կարդինալ Կերարտ Լուտվիկ Մուելեր, Մանիլա Թեմի եւ Միջազգային Քարիթասի նախագահ Կարդինալ Լուիս Անթոնիօ  Թակլէ ինչպէս նաեւ  վատիկանի Պետական քարտուղար կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին։








All the contents on this site are copyrighted ©.