2017-03-30 12:02:00

Ֆրանչիսկոս Պապին նամակը ընտանիքներու համաշխարհային 9-րդ հանդիպումի առիթով։


(Ռատիօ Վատիկան) 21-էն -28 օգոստոս 2018-ին, Տուպլինի մէջ տեղի պիտի ունենայ ընտանիքներու համաշխարհային  9-րդ հանդիպումը՝ ՝՝Ընտանիքի աւետարանը­, աշխարհին համար ուրախութիւն՝՝ բնաբանով։

Հինգշաբթի, 30 մարտ 2017-ին, Սուրբ Աթոռի մամլոյ գրասենեակին մէջ , աշխարհականներու, ընտանիքի եւ կեանքի ժողովի կառավարիչ՝ կարդինալ Քեվին Ժոզէֆ Ֆարել ներկայացուց յիշեալ ընտանիքի համաշխարհային  հանդիպումի առթիւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին յղած նամակին պարունակութիւնը։

Նամակին մէջ Սրբազան Հայրը գրած է, թէ 2015 թուականին՝ սեպտեմբեր ամսոյն, Ֆիլատելֆիայի մէջ կայացած ընտանիքներու համաշխարհային 8-րդ հանդիպումին աւարտին, արդէն  յայտարարած էր յաջորդ ընտանիքներուն համաշխարհային հանդիպումի վայրի որոշումը` Տուպլին։

Սրբազան Հայրը ապա, որպէս պատրաստութիւն ընտանիքներու համաշխարհային՝ Տուպլինի մէջ կայանալիք հանդիպումին, կը հաստատէ անոր թուականը­,  21-էն 26 օգոստոս 2018-ին, եւ անոր բնաբանը՝ ՝՝Ընտանիքի Աւետարանը, աշխարհի ուրախութեան համար՝՝,  եւ այս առնչութեամբ, Ֆրանչիսկոս Պապ  կը փափաքի յաւելեալ ճշգրիտ տեղեկութիւններ փոխանցել,   փափաք յայտնելով , որ ընտանիքները խորացնեն ու բաժնեկցին ՝՝Սիրոյ Ուրախութիւն՝՝ յորդորագիրին պարունակութեան նիւթերը։

Նորին Սրբութիւնը կը հրաւիրէ ընտանիքները,  հարց տալու եթէ՝՝ Աւետարանը կը շարունակէ բարի աւետիս հանդիսանալ  ժամանակակից աշխարհին''  ու առ ի պատասխան հարցումին, Ան կը պատասխանէ  ''Այո­,  ես վստահ եմ՝՝  աւեցնելով,  որ  այդ ՝՝այո՝՝-ն ամրօրէն հիմնուած է Աստուծոյ ծրագրին վրայ։

''Աստուծոյ սէրը­ ,  անոր Այո-ն է ամբողջ արարչութեան եւ այդ արարչութեան սրտին,­ որ է մարդը գրած է Քահանայապետը նամակին մէջ դիտել տալով թէ ''Այս Աստուծոյ այո -ն այր մարդու եւ կնոջ միութեան այո-ն է, որ բաց է կեանքի  բոլոր հանգրուաններուն ծառայութեան։

Այս է ու Աստուծոյ յանձնառումն է ի սպաս յաճախ խոցուած ու չարաշահուած մարկուաթեան է ուր կը գերիշխէ սիրոյ բացակայութիւնը։

Առ այդ  ընտանիքը` Սէր Աստուծոյ Այո՝՝-ն է կը հաստատէ քահանայապետը ընդգծելով, թէ լոկ՝ սէրէն մեկնելով է,  որ ընտանիքը կարող է արտայայտել,­ տարածել ­ ու վերափորփոքել Աստուծոյ Սէրը աշխարհին մէջ։  Առանց սիրոյ, չկարելի  ապրիլ որպէս Աստուծոյ զաւակներ, ամուսնացեալներ, ծնողներ ու  եղբայրներ  գրած է ապա  Սրբազան Հայրը նամակին մէջ եւ այս առնչութեամբ ընդգծած է հարկաւորութիւնը հարց տալու եթէ ընտանիքները տակաւին կ՛ապրին սիրոյ վրայ հիմնուելով։ Այս կը նշանակէ նուիրուիլ, իրար զիրար ներել, համբերել, իրար զիրար յարգել գրած է Ֆրանչիսկոս Պապ խրատ տալով առօրեան ապրիլ երեք պարզ բառեր գործածելով՝ թոյլտուութիւն,­ շնորհակալութիւն եւ ներողութիւն­։

Ամէն օր  դիւրաբեկ եւ տկար փորձառութիւններ կ՝ապրինք եւ ասոր համար է,  որ, ամէնքս՝ ընտանիքներ, հովիւներ կարիքը ունինք վերանորոգուած հեզութեան գրած է ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու մատնանշած է թէ իր երազն է ՝՝դէպի դուրս ընթացող եկեղեցիի մը,­ ոչ ինքնակեդրոն, որ հեռու չի մնար մարդոց վէրքերէն,  ­ ողորմած  եկեղեցի մը,  որ կ՝աւետէ Սէր Աստուծոյ յայտնութեան սիրտը` որ է ողորմութիւնը'',  աւեցնելով,  թէ այս մէկը կարելի է այն չափով, որ քրիստոնեայ ընտանիքները՝ ողորմութեան վայր ու վկայութիւն կը դառնան''

Նամակի աւարտին  Սրբազան Հայր հրաւէր ուղղած է համայն Եկեղեցւո,յ որ նկատի առնէ յիշեալ յաւելեալ ուղղութիւնները , պատրաստուելու համար յաջորդ համաշխարհային ընտանիքի հանդիպումին­, ապա յատուկ շնորհակալութիւն յայտնած է Տուպլինի թեմին, Իրալանտայի ժողովուրդին, իրենց ցուցաբերած վեհանձն հոգիին՝ հիւրընկալելու համար  նման մեծ ձեռնարկ մը։

''Նազարեթի Սուրբ Ընտանիքը թող առաջնորդէ , ընկերանայ եւ օրհնէ  ձեր  մատուցած  ծառայութիւնը ու բոլոր  ընտանիքները, որոնք յանձնառութեամբ կ՛աշխատին Տուպլինի մէջ կայանալիք  համաշխարհային ընտանիքի  հանդիպումի նախապատրաստական  աշխատանքներուն'' գրած է Նորին Սրբութիւնը եզրափակելով նամակը։ 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.