2017-03-30 09:36:00

Տիրամօր աւետման տօնի նշումը Պէյրութի Սրբոյ Կուսին աւետման եկեղեցւոյ մէջ


Ֆաթիմայի Տիրամօր երեւումներուն 100 ամեակը եւ Սրբոյ Կուսին Աւետման տօնը եկեղեցական հոգեպարար արարողութիւններով եւ հաւատացեալներու խուռներամ մասնակցութեամբ նշուեցաւ շաբաթ, 25 մարտի երեկոյեան, Սրբոյ Կուսին Աւետման եկեղեցիին մէջ։ Եկեղեցական արարողութեանց նախագահեց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Գրիգոր Պետրոս Ի. Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, շրջապատուած արհիապատիւ, գերյարգելի, գերապատիւ եւ արժանապատիւ հայրերու կողմէ։

Սուրբ Մեսրոպի Հայ կաթողիկէ արիներուն կողմէ ուսամբարձ եւ Հ.Կ.Մ.ի շեփորախումբին հնչեցուցած մարեմեան եղանակներու հնչիւններուն ներքեւ Ֆաթիմայի Տիրամօր սրբալոյս արձանին եկեղեցի մուտքը դիմաւորուեցաւ հաւատացեալներու ջերմեռանդ ողջոյններով եւ տեղաւորուեցաւ սուրբ Խորանի կողքին, ուր պիտի մնայ մինչեւ 2 ապրիլ։ Այնուհետեւ, սուրբ եւ անմահ Պատարագը մատուցանեց Հայ կաթողիկէ Պատրիարքութեան Օգնական Եպիսկոպոս գերապայծառ Գէորգ Ասատուրեան, որուն այս առթիւ արտասանած քարոզը առանձին։

Եկեղեցական արարողութիւնները աւարտեցան Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ Պահպանիչով։

Այնուհետեւ, եկեղեցւոյ շրջաբակին մէջ տեղի ունեցած հիւրասիրութիւնը միաժամանակ առիթ մը եղաւ ներկայ հաւատացեալներուն համար շնորհաւորելու հոգեւորականներու դասը, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ գլխաւորութեամբ։








All the contents on this site are copyrighted ©.