2017-03-30 11:27:00

Միջին Արեւելքի խաղաղութեան ի սպաս սուրբ պատարագ Հռոմի Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ մէջ։


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի 29 Մարտ 2017-ի երեկոյեան Հռոմի Լեւոնեան Քահանայապետական Վարժարանի Հայ կաթողիկէ Թոլենթինոյի Սուրբ Նիկողայոս Եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Միջին Արեւելքի խաղաղութեան համար սուրբ պատարագ զոր նախագահեց Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի կառավարիչը Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի մասնակցութեամբ Արեւելեան Եկեղեցիներու պատկան Հռոմի մէջ բնակող կղերական դասին ու ժառանգաւորներուն։

Այս առթիւ արտասանած  քարոզին մէջ Արեւելեան եկեղեցիներու ժողովի կառավարիչը գոհութիւն մատույց Տիրոջ` առիթը ունենալու միասնաբար բեկանելու  Յիսուսին մեզի շնորհած  խօսքն ու մարմնինը ու հրաւիրեց միասնաբար վերագտնել հաւատքի ու կոչումին կոչը` որպէս թանկարժէք գանձ ու ժառանգութիւն որ ընդունեցանք որպէս պարգեւ, ու խորհրդածելու այս իրողութեան մասին։

Օծուած ըլլալ կը նշանակէ ընտրել ճանապարհն անոնց որոնք կը պատկանին Քրիստոսի եւ ոչ թէ մենք մեզի, ինչպէս կը գրէ Պօղոս առաքեալ Հռովմէացիներուն ուղղած նամակին մէջ ''եթէ մենք կ՛ապրինք, կապրինք Տիրոջ համար, եթէ կը մեռնինք կը մեռնինք Տիրոջ համար։ Թէ կեանքով ու թէ մահով Տիրոջ կը պատկանինք։ Ասոր համար Քրիստոս մեռաւ ու կեանքի վերադարձաւ, որպէսզի դառնայ մեռեալներու ու կենդանիներու Տէր'' յարեց Կարդինալ Սանտրի ու աւելցուց ''Օծուած ըլլալ Միջին Արեւելքի մէջ ու Միջին Արեւելքի համար առաւել յանձնառում ու մարգարէական խարիզմ կը պահանջէ''։ Ան ապա ակնարկեց  տարածաշրջանի մէջ տիրոջ բռնութիւններուն ու կործանումներուն որոնք յատկանշեցին Եկեղեցիներու դիմագիծերը ու միջազգային հասարակութիւնը մղեցին անդրադառնալու թէ Քրիստոնեաներու դարաւոր ներկայութիւնը այդ շրջաններուն մէջ վտանգի մէջ ու պէտք է պաշտպանուի որպէս խաղաղ համակեցութեան ու հասարակաց բարիքի կառուցման գործօն։

Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Կառավարիչը ապա մօտիկութիւն յայտնեց միջին արեւելքի տառապող եղբայրներուն խրախուսելով չի կորսնցնել յոյսը հակառակ դժուարութիւններուն ու հալածանքներուն ու միշտ վառ պահելու այդ յոյսի լոյսը` իրենց սրտերուն մէջ,  նոյնիսկ ամէնախաւար պահերու ընթացքին, որովհետեւ, ինչպէս կը յայտնէ Ֆրանչիսկոս Պապ, այդ յոյսը հիմնուած է Յարութեան ու կեանքի Աստուծոյ խոստումին վրայ, ու այս առընչութեամբ հայցեց Աստուածային շնորհքը հաստատ մնալու` ոչ թէ մեր ապահովութիւններու ու մեր կարողութիւններու վրայ այլ Աստուծմէ բխած յոյսին վրայ, որովհետեւ ''երբ Աստուած կը խոստանայ, կը գործադրէ նաեւ իր խոստումը''։

''Այս վստահութեամբ մեր կեանքը կ՛ունենայ նոր լոյս մը'' ըսաւ Կարդինալ Սանտրի մէջբերելով դարձեալ Քահանայապետին խօսքերը ու աւարտելով քարոզը։








All the contents on this site are copyrighted ©.