2017-03-30 10:10:00

Արցախցի լրագրող Միքայել Հաճեյան այցելեց Մեսրոպեան վարժարան


29 Մարտ, 2017-ին, Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան այցելեց Արցախի պետական ռատիոյի աշխատակից, վաստկաւոր լրագրող եւ քաղաքական վերլուծաբան պարոն Միքայէլ Հաճեան, որ Լիբանան կը գտնուի 2016 թուականի ապրիլեան քառօրեայ պատերազմին նուիրուած ձեռնարկներուն մասնակցելու հրաւէրով: 

Պարոն Հաճեան հանդիպումներ ունեցաւ Մեսրոպեանի աշակերտութեան հետ եւ ծանօթացաւ վարժարանի կրթական ծրագիրներուն եւ առօրեային, բարձրօրէն գնահատելով հայ մանուկներու կրթութեան եւ հայեցի դաստիարակութեան համար ի գործ դրուող ջանքերը ինչպէս Մեսրոպեանի, նոյնպէս եւ Լիբանանի հայ համայնքին մէջ, ընդհանրապէս: 

Բարձր դասարաններու աշակերտութեան հետ հանդիպումին, պարոն Հաճեան նշեալ պատերազմին կամաւոր մեկնած եւ Թալիշ գիւղի պաշտպանութեան մարտերուն ընթացքին նահատակուած իր զաւկին՝ Նորայրի եւ անոր ընկերներուն օրինակով բնութագիրը ներկայացուց հայրենասէր այն սերունդին, որ Արցախեան զարթօնքի առաջին օրերէն սկսեալ զէն ի ձեռին պայքարեցաւ հայրենիքին եւ ազգին համար, իւրաքանչիւր մարտի՝ սեփական կեանքը մահուան վտանգին ենթարկելու անսակարկ պատրաստակամութեամբ: Ան նշեց, որ ազատամարտիկներու եւ Հայոց բանակի առաջին զինուորներու այդ հերոսական սերունդը այսօր ունի իր արժանի ժառանգորդները, որոնց ներկայացուցիչները ոչ պակաս հերոսականութեամբ իրենք իրենց դրսեւորեցին անցած տարուայ Ապրիլի ճակատագրական օրերուն, արիւնով գրուած փառքի նոր էջեր աւելցնելով Արցախեան գոյամարտի տարեգրութեան մէջ: 

Պարոն Միքայէլ Հաճեան յորդորեց Մեսրոպեանի աշակերտները, որ անպայման հետեւին բարձրագոյն կրթութեան, դառնան առաջնակարգ մասնագէտներ եւ որպէս այդպիսիք, մասնակցին Հայոց պետականութեան կերտումին ու զարգացումին: Ան նաեւ թելադրեց, որ աշակերտները նամակագրական կապ հաստատեն Հայաստանի եւ Արցախի իրենց հասակակիցներուն եւ զինուորներուն հետ, դիտել տալով, որ նման յարաբերութիւններ ամենամեծ նշանակութիւնը ունին ամրապնդելու կապը՝ Հայրենիքի եւ Սփիւռքի միջեւ, ի խնդիր հայ ժողովուրդի բոլոր երազանքներու իրականացման: 

Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ խորին շնորհակալութիւն յայտնեց պարոն Հաճեանին՝ այցելութեան եւ աշակերտութեան ուղղուած իր պատգամներուն համար: Այցելութիւնը առիթ եղաւ, որ վարժարանի տնօրէնն ու արցախցի հիւրը քննարկեն կրթութեան մարզին վերաբերող համագործակցութեան գաղափարներ:

 Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի








All the contents on this site are copyrighted ©.