2017-03-30 08:47:00

Ֆաթիմայի մէջ գիտաժողով ''100 տարիներ ետք պատգամի նշանակութիւնը'' նիւթին մասին։


(Ռատիօ Վատիկան) Յառաջիկայ 1 -5  ապրիլ 2017-ին Ֆաթիմայի Սրբավայրին մէջ տեղի կ՛ունենայ U.N.I.T.A.L.S.I.  ընկերակցութեան առողջապահութեան գործիչներուն յատկացուած գիտաժողով ''100  տարիներ ետք պատգամի նշանակութիւնը'' նիւթին մասին։

Յայտնենք թէ ՈՒՆԻԹԱԼՍԻ իտալական ընկերակցութեան կեդրոնական առաքելութիւնն է ուխտագնացութիւնները կազմակերպել հիւանդներուն համար` յատկապէս դէպի Լուրտի Սրբավայր։

Վերոնշեալ գիտաժողովը կազմակերպուած է Փորթուկալի մէջ Տիրամօր երերումներուն 100-րդ տարեդարձին առթիւ որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն 30է աւելի առողջապահական գործիչներ եւ որուն ընթացքին նախատեսուած է նաեւ ՈՒՆԻԹԱԼՍԻ ընկերակցութեան նախագահ` Տիար Անթոնիօ Տելիայի ելոյթը ''Պատգամը. Ֆաթիմայէն` աշխարհին'' նիւթին շուրջ։ Զեկուցողներու շարքին է նաեւ Հայր Քարմինէ Արիչէ` Իտալիոյ եպիսկոպոսական համահաւաք դասին առողջապահութեան հովութեան ազգային գրասենեակի տնօրէնը որ պիտի ներկայացնէ ''Ֆաթիմայի պատգամը մեզ կը հարցադրէ'' նիւթը։

Ապրիլ 5-ին յատուկ հանդիպում նախատեսուած է Հայր Խօսէ Մանուել Փերէյրա Տէ Ալմէյտայի հետ` Փորթուկալի առողջապահութեան հովուական խնամակալութեան ազգային գրասենեակի տնօրէն։








All the contents on this site are copyrighted ©.