2017-03-29 08:34:00

Մեսրոպեանի աշակերտներ աւարտեցին Robotics-ի դասընթացքը


22 Մարտ, 2017-ին, նորագոյն արհեստագիտութեան ուսուցման The Little Engineer կազմակերպութեան ներկայացուցիչը այցելեց Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարան եւ վկայականներ յանձնեց Մեսրոպեանի այն աշակերտներուն, որոնք յաջողութեամբ աւարտած էին կազմակերպութեան Robotics-ի դասընթացքին առաջին հանգրուանը:

Մեսրոպեանը նշեալ կազմակերպութեան հետ սկսած էր գործակցիլ այս տարեսկիզբէն, քաջալերելու համար աշակերտները, որպէսզի ծանօթանան մարդամեքենաներու կազմութեան, եռաչափ տպագրութեան (3D printing) եւ համակարգչային ծրագրաւորման (Coding) գիտութիւններուն: Նոյն ծրագրով, աշակերտներուն առիթ կը տրուէր իրականացնելու զանազան գիտափորձեր՝ մաթեմաթիքսի, ճարտարագիտութեան, վերարտադրուող ուժանիւթի, ելեկտրոնիքսի եւ այլ ուղղութիւններով:

Այս առիթով կայացած աշակերտական հաւաքին, Մեսրոպեանի տնօրէն պարոն Կրէկուար Գալուստ շնորհաւորեց աշակերտները անոնց յաջողութեան համար, յորդորեց բոլորին հետաքրքրուիլ նորագոյն արհեստագիտական գիտութիւններով, որպէսզի առաւել պատրաստ ըլլան ապագայի ուսման եւ աշխատանքի պայմաններուն:

Տեղեկատուական գրասենեակ
Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Բարձրագոյն Վարժարանի

 








All the contents on this site are copyrighted ©.