2017-03-29 09:43:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Անկեղծագոյն Արցունքները

Մարդկային ամէնէն խորունկ ու գիտակից արտայայտութիւններէն մէկն է մահուան պարագային վշտակցութիւնը: Խորունկ՝ անոր համար որ իւրաքանչիւր մահացող մարդու հետ, անոր շուրջ խորհրդաւոր վարագոյր կը քաշուի, ու ֆիզիքապէս մեզմէ հրաժեշտ առնելէ ետք, յուշերով միայն ներկայ կը դառնայ ան՝ մահացողը, այսինքն՝ անմահացողը: Նոյն այս արտայայտութիւնը՝ վշտակցութիւնը, նաեւ գիտակից արտայայտութիւն է, որովհետեւ, մահուան պարագային, ուրիշին վիշտը կիսած պահուն մարդ անպայման կը մտածէ իր «Օրուան» մասին, երբ ինք ալ հրաժեշտ պիտի տայ այս աշխարհին, չուելով դէպի անդենական կեանք: Ուստի, խորունկ ու գիտակից ձեւով իր վշտակցութիւնը կը յայտնէ մարդ արարածը, գիտնալով որ ինք ալ ֆիզիքապէս ճակատագրուած է նոյն վախճանին՝ հողայնութեան:
Ժողովողի հեղինակը եւս, զգաստացնելու համար մարդ էակը, զայն կ՝ուզէ զգօն պահել իր վախճանը յիշեցնելով անոր, ինչպէս նաեւ յորդորելով, որ սուգի տուն երթալը աւելի նախապատիւ համարէ, ուրախութեան կամ հարսանիքի տուն երթալէն (Հմմտ. Ժղ 7.2):
Յիսուսի մտածողութեան մէջ ալ կը գտնենք սգաւորները բախտաւոր նկատելու գաղափարը, երբ երանի՜ կու տայ անոնց մեր Տէրը, որովհետեւ, կ՛ըսէ, որ անոնք մխիթարութիւն պիտի գտնեն: Ինչքա՜ն մեծ բախտաւորութիւն է, հետեւաբար, սփոփող ունենալը, եւ այն ալ՝ երկնային մխիթարութեամբ (Հմմտ. Մտ 5.4):
Փաստօրէն մարդիկ շատ աւելի տրամադիր կ՛ըլլան հարսանիքի ուրախութեան ներկայ գտնուելու, քան՝ լաց ու կոծով ու տխրութեամբ համակուած ընտանեկան յարկեր մտնելու:

Տեսնուած է, որ ոմանք նոյնիսկ պատճառաբանութիւններ կը հնարեն, խուսափելու համար յուղարկաւորութեան ներկայ գտնուելու տխուր պարտականութենէն:
Ներկայ գտնուած եմ  յուղարկաւորութեան մը որուն  ընթացքին հանդիպեցայ, հանգուցեալի բնակարանին մէջ ծառայող երկու օտարերկրացի սպասուհիներու, որոնք տնեցիներուն հետ թաղման կարգին ներկայ գտնուելէ ետք, եկեղեցիէն դուրս գալու՝ վերջին հրաժեշտի պահուն, աստիճաններուն վրայ կեցած այնպէ՛ս կ՛արտասուէին, որ թերեւս հանգուցեալին հարազատները այդպէս չկրցան լալ այդ վերջին վայրկեանին: Նոյնիսկ եթէ իրենց սեւ ապակիներով ակնոցներուն տակ տամկացած աչքեր ունեցողներ կային, կը խորհիմ թէ սպասուհիներուն լալագին պոռթկումը շատ աւելի բնական էր, քան պաշտօնական: Բնական՝ որովհետեւ անոնք «ի պաշտօնէ» այնտեղ չէին եկած: Անոնք շատ լաւ գիտէին թէ իրենց ծառայութեան պայմանաժամը վերջանալուն՝ իրենց երկիրը պիտի մեկնէին, եւ դարձեալ պիտի չտեսնէին հանգուցեալին հարազատները: Անոնց ներկայութիւնը փոխադարձ ակնկալիքի վրայ հիմնուած չէր:

Փոխարէն ո՛չ մէկ յարգանք ու ակնկալիք ունեցող սպասուհիներուն լացը յուզեց զիս անոնց անկեղծագոյն արցունքներովը: Տարբեր ազգութեան, թերեւս ալ տարբեր կրօնքի պատկանող այդ երկու համեստուհիները, Աստուծոյ ստեղծած ՄԱՐԴո՛ւն համար լացին, իբրեւ իրենց նման ստեղծուած արարած, որ ճիշդ է, կրնար հարուստ ըլլալ, հանգամանք ունենալ, բայց ի վերջոյ կը մեռնէր իբրեւ պարզ մարդ:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.