(Ռատիօ Վատիկան) Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Կարդինալ Փարոլինի ստորագրութիւնը կրող պատգամ մը յղած է ''առաջնորդել երիտասարդները` ազատօրէն պատասխանելու Քրիստոսի կոչին'' բնաբանով, Եւրոպայի Եպիսկոպոսներու համահաւաք դասի կողմէ կազմակերպուած ու Պարսելոնայի մէջ 28 – 31 Մարտին կայացած երիտասարդներուն նուիրուած եւրոպական գիտաժողովին առթիւ։
Պարսելոնայի Արքեպիսկոպոս` գերապայծառ Խուան Խօսէ Օմելլային ուղղուած պատգամին մէջ Կարդինալ Փարոլին կը գրէ. Նորին Սրբութիւնը Ֆրանչիսկոս` կ՛ողջունէ գիտաժողովին բոլոր մասնակիցները ու կը քաջալերէ զանոնք խորհրդածելու երիտասարդներու աւետարանումին ու առաջնորդութեան դիմաց կայացած մարտահրաւէրներու մասին, որպէսզի երկխօսութեան ու հանդիպումի միջոցաւ երիտասարդները` որպէս Քրիստոսի ընտանիքի ողջ անդամներ, դառնան Աւետարանի ուրախութեան պատգամաւորներ բոլոր միջավայրերուն մէջ։
Կարդինալ Փարոլին հայցելով ապա Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութիւնը, պատգամին աւարտին բոլորին փոխանցած է Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին շնորհած առաքելական օրհնութիւնները։
All the contents on this site are copyrighted ©. |