2017-03-28 11:29:00

Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Յիսուսին հաւատալ կը նշանակէ ընդունիլ կեանքը այնպէս ինչպէս որ է''։


(Ռատիօ Վատիկան) ''Յիսուսին հաւատալը կը նշանակէ յառաջ ընթանալ ուրախութեամբ ու առանց տրտնջուելու, կեանքը ընդունելով այնպէս ինչպէս որ է''։ Այս եղաւ Ֆրանչիսկոս Պապին Տոմուս Սանթա Մարթայի մատրան մէջ` 28 Մարտ 2017-ի առաւօտեան մատուցած սուրբ պատարագի զոհի ընթացքին արտասանած քարոզին առանցքը։

Ներշնչուելով օրուան աւետարանէն` ուր կը պատմուի Բեթսայիդայի մէջ 38 տարիներէ ի վեր անդամալոյծ մարդու մը` Յիսուսի կողմէ բուժումի մասին, Նորին Սրբութիւնը մատնանշեց թէ ինչպէս Յիսուս տեսնելով այդ մարդուն տառապանքն ու անկարողութիւնը աւազան հասնելու եւ բուժուելու հրեշտակին կողմէն, անոր հարց կու տայ ''կ՛ուզե՞ս բժշկուիլ'' եւ այդ անդամալոյծը կը պատասխանէ. ''Տէր ոչ մէկը ունիմ որ ինծի աւազան առաջնորդէ ու մինչ ես կամացուկ կ՛ընդանամ ինձմէ առաջ ուրիշներ արդեն աւազան կ՛իջնեն ու կը բժշկուին''։

Այդ մարդուն պատասխանը ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը բողոք մըն է, տրտունջ մըն է ու կարող է ծուլութեան հետեւանք ըլլալ` որ մեղք է։

Այդ մարդը հիւանդ էր ոչ թէ անդամալոյծ ըլլալուն համար այլ ծուլութեան պատճառաւ, կարծես յառաջ ընդանալու կամքը կը պակսէր անոր ու կորսնցուցած էր ուրախութեան յիշատակը, յարեց Սրբազան Քահանայապետը նշելով թէ հակառակ այս երեւոյթին Յիսուս զայն չի յանդիմաներ, այլ անոր կ՛ըսէ ''Ել եւ քալէ'' ու անդամալոյծը իսկոյն կը բուժուի։

Այսօր եւս ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը Տէրը մեզմէ ամէն մէկուն կ՛ըսէ ոտքի ել, կու կեանքդ ընկալէ, այնպէս ինչպէս որ է, գեղեցիկ թէ տխուր, ու յառաջ ընդացիր։ Մի վախնար յառաջ ընդանալէ որովհետեւ ասիկա քու կեանքդ է` քու երջանկութիւնդ է։

''Կ՛ուզե՞ս բուժուիլ'' հարցումն է որ Տէրը մեզի կ՛ուղղէ այսօր եւս վերահաստատեց Նորին Սրբութիւնը դիտել տալով թէ երբ մենք Տիրոջ ըսենք թէ ''այո Տէր կ՛ուզենք բուժուիլ, այո կ՛ուզեմ վերականգնիլ'', այդ ժամանակ կը հասկանանք թէ ինչպիսի է փրկութեան ուրախութիւնը։








All the contents on this site are copyrighted ©.