2017-03-28 10:17:00

Անչափահասներու պաշտպանութեան յանձնախումբի 8-րդ նիստի աւարտական հաղորդագրութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) 26 Մարտ 2017-ին անչափահասներու պաշտպանութեան Քահանայապետական յանձնախումբը աւարտեց իր լիանիստ 8-րդ հաւաքը որ սկիզբ առած էր 24 Մարտին Գրիգորեան Համալսարանին մէջ։

Այս առթիւ հրապարակած հաղորդագրութեան մէջ վերոնշեալ յանձնախումբը ընդգծած է հարկաւորութիւնը` աւելի ուշադրութիւն դարձնելու մանկապղծութեան զոհերուն դիտել տալով նաեւ թէ հաւաքի կեդրոնական նիւթերէն մին հանդիսացած է` մանկապղծութեան զոհ եւ յանձնախումբի երբեմնի անդամ` Տիկ Մարի Քոլլինսի հրաժարականը, որուն առնչութեամբ յանձնախումբի անդամները իրենց երախտագիտութիւնը յայտնած են Տիկին Քոլլինսին անոր մատուցած անվերապահ ծառայութեան ու յանձնառումին համար ինչպէս նաեւ անոր տրամադրութեան շարունակելու դաստիարակչական ու կազմաւորման մարզէն ներս իր համագործակցութիւնը։

Յանձնախումբը ապա քննարկած է նոր ու թափանցիկ ուղիներու որոնումը` համապատասխանելու համար ''զոհերու'' կարիքներուն, երբ անոնք կը դիմեն Սուրբ Աթոռի գրասենեակներուն ու այս առնչութեամբ անոնք համաձայնած են Քահանայապետին ուշադրութեան յանձնել որոշ թելադրութիւններ։ 








All the contents on this site are copyrighted ©.