2017-03-28 11:38:00

Պրիւքսելի մէջ հողագործութեան ապագային հայող գիտաժողով. Կարդինալ Փարոլինի պատգամը


(Ռատիօ Վատիկան) Երեքշաբթի, 28 մարտ 2017-ին, Պրուքսելի մէջ կայացաւ հողագործութեան ապագայի հայող ուսումնաժողով։

Այս առթիւ, Վատիկանի Պետական քարտուղար՝ Կարդինալ Փիեթրօ Փարոլին, Ֆրանչիսկոս Պապի անունով,  պատգամ մը յղեց յիշեալ գիւղատնտեսական կազմակերպութեան  նախագահ՝ Տիար Ժանեզ Փոկոչնիքին, որուն մէջ նորին Սրբութեան քաջալերանքը փոխանցեց հողագործութեան ապագային հայող գիտաժողովի մասնակիցներուն, որոնք զանազան պաշտօններով եւ  պատասխանատուութեամբ կանչուած են պատասխաններ տալու հողագործութեան աշխատանքային հարցերուն։

Ծիրանաւորը անդրադառնալով աշխարհին մէջ առողջ սննդարարութեան արտադրութեան  աճին,   շեշտեց  իւրաքանչիւր  անձի առողջ սննդարարութիւն ստանալու իրաւունքը եւ  ընդգծեց որ կարելի չէ հողագործութեան ապագան­ մտածել  որպէս  տիպար  ունենալով լոկ  որոշ խումբերուն շահերը՝ կամ աշխարհին մէջ միայն ժողովուրդներու մէկ մասին հայող բարիքները։ 

Հողագործութեան ապագային հայող ի գործ դրուած որեւէ ջանք  պէտք է նկատի առնէ իւրաքանչիւր երկրի բարօրութիւնը աճեցնելով այդ երկրի իւրայատուկ հարստութիւնները նպատակ ունենալով իրագործել   առողջ սննդարարութիւն արտադրող ինքնաբաւ երկիր։Պատգամի աւարտին, կարդինալ Փարոլին,  յոյս յայտնած է որ  հողագործութեան անթիւ հարցերը՝ երբեք  առիթ չհանդիսանան  յուսահատութեան, փոխանցելով նաեւ ՝Ֆրանչիսկոս Պապին  մաղթանքը որ հողագործութեան ապագային հայող սոյն հանդիպումը  արդիւնաբեր լուծումներ որոնէ բոլորին համար։    








All the contents on this site are copyrighted ©.