2017-03-26 12:30:00

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին 26 Մարտի Մարեմեան Աղօթքի խորհրդածութիւնը։


(Ռատիօ Վատիկան) Կիրակի 26 Մարտ 2017-ի կէսօրին Ֆրանչիսկոս Պապ­, իր գրասենեակի պատուհանէն, աւանդութեան համաձայն Մարեմեան աղօթքը արտասանեց, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ համախմբուած հազարաւոր ուխտաւորներու ներկայութեամբ։

Աղօթքի ընթացին Նորին Սրբութիւնը ներկայացուց խորհրդածութիւն մը որուն մէջ ակնարկեց  Յովհաննէս Աւետարանէն քաղուած` Յիսուսին կողմէ կոյրի մը բուժման մասին։

Այս հրաշքով Քրիստոս կը յայտնուի որպէս լոյս աշխարհի։ Ծնունդէն ի վեր այդ կոյրը կը ներկայացնէ մեզմէ ամէն մին որ ստեղծուեցանք Ճանչնալու համար զԱստուած սակայն մեղքին պատճառաւ կոյր դարձանք ու կարիքը ունինք նոր լոյսի մը` հաւաքի լոյսին, զոր Յիսուս մեզի պարգեւեց ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով թէ այդ կոյսը արդարեւ վերագտնելով տեսողութիւնը կը բացուի Քրիստոսի Խորհուրդին` ու երբ Յիսուս անոր հարց կու տայ եթէ կը հաւատայ Մարդու Որդիին կոյրը հասկնալէ ետք թէ Յիսուսն է այդ անձը կը պատասխանէ <<Այո Տէր կը հաւատամ>>։

Այս դրուագը մեզ կը մղէ մտածելու մեր Քրիստոսի մէջ ունեցած հաւատքի մասին, ըսաւ ապա Սրբազան Քահանայապետը մատնանշելով թէ այդ կոյրը մեզ կը ներկայացնէ երբ  չենք անդրադառնար թէ Յիսուսն է աշխարհի լոյսը, երբ կը քալենք մութին մէջ, երբ կը նայինք այլուր ու կը նախընտրենք վստահիլ փոքրիկ լոյսերուն…… Մենք եւս լուսաւորուած ենք Քրիստոսէն մեր սուրբ մկրտութեան միջոցաւ եւ ասոր համար կանչուած ենք Լոյսի որդիներու վարուելակերպ ունենալ յարեց հուսկ Սրբազան պապը հաստատելով թէ այս կը պահանջէ մտայնութեան արմատական փոփոխութիւն ու դիտել տալով թէ  Մկրտութեան խորհուրդը  կը պահանջէ յստակ ու վճռակամ ընտրանք` ապրելու որպէս Լոյսի զաւակներ ու քալելու լոյսին մէջ։

Ֆրանչիսկոս Պապ ընդգծելով թէ Լոյսին մէջ ապրիլ կը նշանակէ հրաժարիլ սուտ լոյսերէն, անձնասիրութեան ու անձնական շահերու լոյսէն ու ապաւինիլ աշխարհի լոյսին` Յիսուսին, հայցեց  Սուրբ Կոյս Մարիամի  բարեխօսութիւնը որպէսզի մեզի համար ընդունի շնորհքը այս քառասնորդաց շրջանի ընթացքին ընկալելու դարձեալ հաւատքի լոյսը, վերագտնելով Մկրտութեան անհուն պարգեւը եւ որպէսզի լուսաւորութիւնը փոխէ մեր վարուելակերպն արարքները եւ հակառակ մեր աղքատութեան ու մեր կարգին դառնանք Քրիստոսի լոյսին շողեր։

Խորհրդածութեան աւարտին Սրբազան Քահանայապետը ողջունեց հրապարակը համախմբուած հաւատացեալները ու յիշեց Սպանիոյ մէջ տեղի ունեցող երանացման մէկ արարողութիւնը ապա յատուկ շնորհակալական խօսք ուղղեց Միլանցիներուն` անոնց իրեն վերապահած ջերմ ու խանդավառ ընդունելութեան ըլլայ հաւատացեալներուն ըլլայ ոչ հաւատացեալներուն կողմէ, ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը որ Մարեմեան աղօթքը եզրափակեց բարի կիրակի մաղթելով բոլորին ու խնդրելով որ չմոռնան աղօթել իրեն համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.