2017-03-24 08:08:00

Հռոմի մէջ համամիութենական աղօթքի հսկում վասն Եւրոպայի։


(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ` 24 Մարտ 2016-ի երեկոյեան ժամը 7.30-ին Հռոմի Սուրբ առաքեալներու Պազիլիքային մէջ,  Հռոմի պայմանագրի ստորագրութեան 60 ամեակին առթիւ տեղի կ՛ունենայ համամիութենական բնոյթ ունեցող ''Վասն Եւրոպայի'' աղօթքի հսկում, կազմակերպուած ''Միասին Եւրոպայի համար'' ցանցէն, զոր կը գլխաւորէ Քրիստոնեաներու միութեան քահանայապետական խորհուրդի նախագահը` կարդինալ Քիւրտ Քոխը։

Միշտ Հռոմի պայմանագրի ստորագրութեան 60 ամեակի ծիրէն ներս Իտալիոյ կեդրոնական շրջանին մէջ գտնուող ու անցեալ ամիսներուն երկրաշարժի թիրախ դարձած Նորչիա գիւղաքաղաքին մէջ, նախատեսուած Եւրոխորհրդարանի խումբերու նախագահներուն ու նախագահական գրասենեակի անդամներուն հաւաք մը` որուն ներկայ պիտի գտնուի նաեւ Եւրոխորհրդարանի նախագահը` Իտալացի Անթոնիօ Թայանի։

Ձեռնարկը կազմակերպուած է  եւրոխորհուրդի մօտիկութիւնն ու զօրակցութիւնը ցուցաբերելու համար երկրաշարժի թիրախ դարձած բնակչութեան։  








All the contents on this site are copyrighted ©.