2017-03-24 09:24:00

Հաւանական է որ Յիսուսեանները Իրաք վերադառնան։ Իրաքի համար օրհնութիւն։


(Ռատիօ Վատիկան) Հաւանական է որ Յիսուսեան միաբանութիւնը կարենայ վերստին իր ներկայութիւնն ու առաքելութիւն ապահովել Իրաքի մէջ։ Անոնք  1969-ին վտարուած էին տիրապետող Պաաս կուսակցութեան կողմէ։  Անցեալ  6  յունուար, 2017-ին, այս առընչութեամբ Պաղտատի մէջ տեղի ունեցած է հանդիպում` Քաղդէացիներու Լուիս Ռաֆայել Սաքոյի եւ Միջին Արեւելքին տարածաշրջանի Յիսուսեան Միաբանութեան պատասխանատու Հայր Տանի Եունեսի միջեւ, որուն ընթացքին, ուրախութիւն արտայայտուած է՝ Յիսուսեան միաբանութեան  Իրաք վերադառնալու Հայր Եուսնէսի կողմէ կատարուած առաջարկին համար։   

Քաղդէացիներու Պատրիարքը յիշեալ ծրագրի իրականացումը  Իրաքին համար նկատած է որպէս  օրհնութիւն, յատկապէս քրիստոնեաներուն համար  յարելով թէ Յիսուսեանները , իրենց դպրոցներուն մէջ դաստիարակած  են սերունդներ, ու մատնանշելով թէ Իրաքի քրիստոնեայ փոքրիկ հօտը,  Յիսուսեաներու ներկայութեան կարիքը կը զգայ, ու կարօտն ունի անոնց հոգեւոր, հովուական եւ մշակութային օժանդակութեան։  








All the contents on this site are copyrighted ©.