(Ռատիօ Վատիկան) Ուրբաթ, 24 Մարտ 2017-ի առաւօտուն, Լիբանանի Լատին համայնքի նոր առաջնորդ՝ Հայր Սեզար Եպս. Եսայեան ընկերակցութեամբ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ թեմի օգնական Եպիսկոպոս՝ Հայր Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեանի, այցելեց Արամ Ա Կաթողիկոս Վեհափառ Հայրապետին։
Սիրալիր մթնոլորտի մէջ կայացող հանդիպումի ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ, ընդհանրապէս Հայ եւ կաթողիկէ եկեղեցիներու յարաբերութեան, Արամ Ա Կաթողիկոսի վերջերս Վատիկան կատարած այցելութեան, Լիբանանի կացութեան, ինչպէս նաեւ Սուրիահայութեան դիմագրաւած խնդիրներուն ու դժուարութիւններուն մասին:
Արամ Ա Կաթողիկոս, Լիբանանի Լատին համայնքի նոր առաջնորդին մաղթեց, որ Լիբանանի հայութեան հետ մշակէ սերտ գործակցութիւն։
All the contents on this site are copyrighted ©. |