2017-03-24 09:36:00

Եւրոպական յանձնաժողովը Էրտողանի յայտարարութեան հարցով կանչած է Թուրքիոյ դեսպանը


Թրքական «Հիւրրիյէթ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական յանձնաժողովը կանչած է Եւրոպական Միութեան մօտ Թուրքիոյ դեսպանը:

Յանձնաժողովը պաշտօնապէս բացատրութիւն պահանջած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի վերջին յայտարարութեան մասին:

Էրտողան 22 մարտին, դիմելով Եւրոպային, յայտարարած էր. «Կոչ կ՛ուղղեմ մեզի մատ թափ տուող եւրոպացիներուն. Թուրքիան այն երկիրը չէ, որուն պատիւի հետ կրնաք խաղալ, նախարարները դրան մօտէն վռնտել, քաղաքացիները անհանգստացնել: Աշխարհի որեւէ վայրի մէջ տեղի ունեցող նման դէպքերու մօտէն կը հետեւինք: Եթէ շարունակէք այսպէս վարուիլ, վաղը աշխարհի ոչ մէկ կէտի մէջ ոչ մէկ եւրոպացի, արեւմուտքի ներկայացուցիչ պիտի կարողանայ փողոցը ապահով քալել: Եթէ բացած էք այս վտանգաւոր ուղին, մեծագոյն վնասը դուք պիտի կրէք»:








All the contents on this site are copyrighted ©.