2017-03-23 10:16:00

Մեսրոպեան արուեստից վարժարանը կը սկսի վերապատրաստման անվճար դասընթացքներ


Ընթացիկ տարուան Ապրիլի 3-էն սկսեալ, Հայ Կաթողիկէ Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանին մէջ կը սկսի քառամսեայ անվճար դասընթացք մը՝ Սուրիայէն տեղահանուած անձերու համար: Ծրագիրը կը գործադրուի աջակցութեամբը l'Oeuvre d'Orient բարեսիրական կազմակերպութեան:

Դասընթացքներու նպատակն է պատերազմի պատճառով Սուրիայէն Լիբանան տեղահանուած մեր հայրենակիցներուն օգնել, որ անոնք ձեռք բերեն լեզուական, արհեստագիտական եւ արհեստներու վերաբերեալ նոր գիտելիքներ կամ զարգացնեն իրենց ունեցած գիտելիքները՝ նշեալ մարզերուն մէջ:

Դասընթացքները ուղղուած են 16-էն վեր տարիք ունեցող՝ նշեալ խումբի երկսեռ անդամներուն: Դասանիւթերն են՝ լեզուներ, համակարգչային գիտութիւններ եւ արհեստներ:

Դասընթացքներու տեւողութիւնը կը կազմէ 16 շաբաթ. կը նպատակադրուի իւրաքանչիւր մասնակիցի համար ապահովել նուազագոյնը մէկ լեզուի, համակարգչային գիտութիւններու մէկ ճիւղի եւ մէկ արհեստի ուսուցում:

Դասընթացքները տեղի կ՛ունենան Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանին մէջ, շաբաթը 5 օր՝ Երկուշաբթիէն Ուրբաթ, երեկոյեան ժամը 5:00 – 8:00:

Դասընթացքներու աւարտին մասնակիցներուն պիտի շնորհուի համապատասխան վկայագիր:

Դիմորդներու արձանագրութիւնները սկսած են: Յաւելեալ մանրամասնութիւններու համար կը խնդրուի դիմել Մեսրոպեան Արուեստից Վարժարանի քարտուղարութիւն, հասցէն՝ Պուրճ Համուտ, Արաքս փողոց, հեռ. 01260504:








All the contents on this site are copyrighted ©.