2017-03-23 11:34:00

Կարդինալ Սանտրիի պատգամը Յիսուսի Գերեզմանի նորգութեան աշխատանքներու աւարտին առիթով


(Ռատիօ Վատիկան) Արեւելեան Եկեղեցիներու Ժողովի Նախագահ, Կարդինալ Լէոնարտօ Սանտրի, պատգամ մը յղած է, Յիսուսի Սուրբ Գերեզմանի նորոգութեան աշխատանքներու աւարտին կատարուած արարողութեան առիթով, որ տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, Մարտ 22ին։

Ծիրանաւորը իր ուրախութիւնը կը յայտնէ կատարուած աշխատանքին համար, նկատելով, որ Յիսուսի Սուրբ Գերեզմանը քրիստոնէութեան ժառանգութիւնն է։ Ան բարձր կը գնահատէ Սուրբ Երկրի եւ Միջին Արեւելքի երկիրներու նիւթական օժանդակութեան պատասխանատուներու առատաձեռնութիւնը։

Կարդինալ Սանտրի կը նշէ, թէ քրիստոնեաներ 2000 տարիներէ ի վեր միշտ կատարած  են իրենց ուխտագնացութիւնը դէպի դատարկ Սուրբ Գերեզմանը, հաստատուելով իրենց հաւատքին մէջ՝ թէ Քրիստոսի յարութեամբ մենք կենդանի Աստուծոյ զաւակներն ենք։ Մահուան գերեզմանը դարձած է կեանքի արգանդը, եւ Եկեղեցւոյ ու ամբողջ մարդկութեան համար լոյսի, ուրախութեան, խաղաղութեան եւ յաղթանակի աղբիւր։ Այդ վայրը կը լուսաւորէ միլիոնաւոր ուխտաւորներու սրտերը եւ կեանքը։

Հանդիսաւոր արարողութեան առիթով, Ծիրանաւոր Սանտրի կը փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Պապի երախտագիտութիւնը՝ Սուրբ Երկրի զանազան Եկեղեցիներուն, որոնք սիրալիր կերպով կը պահպանեն սրբավայրը, վկայելով իրենց հաւատքը, երկխօսութեամբ եւ փոխադարձ յարգանքով։ Երախտագիտութիւն կը յայտնէ նաեւ այն երկիրներուն, որոնք իրենց ներդրումը կատարած են նորոգութեան աշխատանքին համար։








All the contents on this site are copyrighted ©.