2017-03-23 08:28:00

Արհիապատիւ Գրիգոր եպիսկոպոս Գուսանի քառասնորդացի պատգամը։


Աղեքսանդրիոյ, Երուսաղէմի ու Յորդանանի կաթողիկէ հայոց առաջնորդ արհիապատիւ Գրիգոր Օգոստինոս եպ. Գուսան, քառասնորդացի առթիւ ուղղած իր հայրական օրհնութիւնն ու պատգամը ուղղած է հաւատացեալներուն։ Խօսելով պահքի ու ծոմապահութեան բարիքներուն մասին, անշեշտը դրած է հոգեւոր պահեցողութեան ու բարեգործութեան բազմաթիւ արդիւնքներուն վրայ։

Քառասնորդաց ծոմապահութիւնը - գրած է գերապայծառը իր պատգամին մէջ- մեզի կը յիշեցնէ թէ՝  ինչպէս  Յիսուս  Ս. Հոգիէն առաջնորդուած՝ անապատի մէջ  քառասուն օր ծոմ պահեց… նախքան իր հրապարակային առաքելութիւնը սկսիլը. մեր փրկութեան համար։

Եւ ինչպէս որ Յիսուս ծոմապահութեամբ ու աղօթքով անցուց քառասուն օրերը,  մենք եւս պարտինք, նոյնպէս,  աղօթքով ու ծոմապահութեամբ պատրաստուիլ Ս. Յարութեան  տօնին։

Ծոմապահութեան  նպատակներն են. Ապաշխարութիւն, աղքատներուն հանդէպ զօրակցութիւն ու առաքինութիւն։

Արհիապատիւ Գուսան եպիսկոպոսը իր պագտամը կը փակէ, իր հայրական օրհնութիւնը տալով ու իր աղօթքը  բարձրացնելով առ  Աստուած,   իւրաքանչիւրին համար հայցելով Իր գթառատ բարիքները. մաղթելով բոլորին  հոգեւոր  բարի ուղեւորութիւն ու  կատարեալ ապաշխարութիւն.  հովանաւորութեամբ՝  Յիսուս Քրիստոսի եւ  Աստուածամօր,  ու բարեխօսութեամբ՝ Ս. Յովսէփ աստուածահօր , Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչի, Ս. Իգնատիոս Մալոյեանի ու այլ սուրբերուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.