2017-03-23 10:07:00

«Արտասովոր» ալիքներու պատճառով Փերուի մէջ փակուեցան 23 նաւահանգիստներ


Փերուի իշխանութիւնները ժամանակաւորապէս փակեցին երկրին մէջ գործող 23 նաւահանգիստներ` արտասովոր ալիքներու պատճառով, որոնք, կը կարծուին, թէ «Էլ Նինիօ» կլիմայական երեւոյթին հետեւանք են:

Հարաւային ամերիկեան երկիրին մէջ կ՛արձանագրուին տասնամեակներէ ի վեր յոռեգոյն ողողումները:

Փերուական Ջուրի եւ նաւարկման մարմինը յայտարարեց, որ նաւահանգիստները առնուազն փակ պիտի մնան ամբողջ չորեքշաբթի օրը, սակայն Փերուի մեծագոյնը եղող եւ մայրաքաղաք Լիմայի մօտ գտնուող Քալաու նաւահանգիստը պիտի շարունակէ մնալ բաց:

Գիտնականները կը յայտնեն, որ ովկիանոսի ջուրերուն 5 աստիճանով ջեռացում յառաջացուցած «Էլ Նինիօ»-ի երեւոյթը պատճառ դարձած է ԱՆտեզի լեռնաշղթային վրայ յորդառատ անձրեւներու, որուն իբրեւ հետեւանք գետերը յորդած են ու ողողումներ արձանագրուած:

Երկրին քաղաքային պաշտպանութեան հիմնարկը յայտարարեց, որ ողողումներուն պատճառով արձանագրուած է առնուազն 78 զոհ եւ 10.600 բնակարան քանդուած է: Ողողումներու կամ հողի սահանքներուն իբրեւ հետեւանք քանդուած ճամբաներուն երկարութիւնը 1900 քիլոմեթր է:








All the contents on this site are copyrighted ©.