2017-03-22 09:26:00

Սուրիական բանակը վար առած Է Իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը


«Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ Դամասկոս յայտարարած է, որ Սուրիոյ հակաօդային պաշտպանութեան համակարգերը վար առած են Քընէյթրա քաղաքին վերեւ թռիչք կատարող իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարք մը:

Դամասկոս կը հաղորդէ, որ սարքը վար առնուած է Սուրիոյ օդային տարածքը խախտելէ ետք:

Իսրայէլեան բանակը հաստատեց Սուրիոյ մէջ մարտավարական հետախուզական անօդաչու թռչող սարքի կորուստը: «Մարտավարական անօդաչու թռչող սարքը կորսուած է, պատահարին հանգամանքները կը սերտուին», կը նշէ իսրայէլեան բանակի մամլոյ ծառայութիւնը:

Իսրայէլեան «Ճերուզալեմ փոսթ» օրաթերթը իր կարգին` վկայակոչելով Թել Աւիւէն աղբիւրներ, կը պնդէ, որ սարքը իրապէս ինկած է, սակայն վար չէ առնուած:

Իսրայէլեան Բանակը Կը Խոստովանի Սուրիոյ Մէջ Օդանաւ Մը Կորսնցնելը

«Էսոշիէյթըտ Փրես» հաղորդեց, որ իսրայէլեան բանակը հաստատած է, որ այս շաբթուան սկիզբը Սուրիոյ մէջ օդանաւ մը կորսնցուցած է:

Իսրայէլեան բանակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով յայտնած է, որ «Սքայ Լարք» տիպի անօդաչու թռչող սարքը ջախջախուած է կիրակի օր եւ դէպքին շուրջ տեղի կ՛ունենայ հետաքննութիւն` աւելցնելով, որ «տեղեկութիւններու սպրդումի վտանգ գոյութիւն չունի»:

Նշենք, որ սուրիական բանակը յայտարարած էր, որ շաբաթ առաւօտեան ժամը 2:00-ին Սուրիոյ մէջ թիրախներ հարուածող իսրայէլեան չորս օդանաւերէն մէկը վար առած է, իսկ մէկ ուրիշը` ծանր վնասի ենթարկած: Օրին Իսրայէլեան բանակը հերքած էր օդանաւ մը կորսնցուցած ըլլալը:

 








All the contents on this site are copyrighted ©.