2017-03-22 11:05:00

Ջուրի միջազգային Օր։ Ֆրանչիսկոս Պապ. ''Ջուրը համայն մարդկութեան իրաւունք է''


(Ռատիօ Վատիկան) Չորեքշաբթի, 22 մարտին, կը նշուի ջուրի միջազգային օրը` հաստատուած 25 տարիներ առաջ ՄԱԿ-ի կողմէ։

ՄԱԿ-ի տուեալներու համաձայն, ամէն օր հազար մանուկներ իրենց կեանքը  կը կորսնցնեն ջուրի կապուած հիւանդութիւններու պատճառաւ,  մինչ միլիոնաւոր անձեր կը սպառեն ապականած ջուր իսկ այլ անթիւ մարդիկ կը մեռնին ջուրի պակասէն։

Այս առնչութեամբ յայտնենք թէ Ֆրանչիսկոս Պապ յաճախ մեղադրած է այս իրողութիւնը ու հաստատած է թէ ջուրը կը պատկանի համայն մարդկութեան։

 ՝՝Հարց կու տամ եթէ մեր ապրած  մաս մաս կատարուած համաշխարհային պատերազմի ընթացքին,  չենք գտնուիր այն ուղեւորութեան մէջ զոր կը տանի դէպի ջուրի համաշխարհային պատերազմ։  Տակաւին  ուշ չէ ու հրատապ է  ջուրի կարիքի գիտակցութիւնը  եւ անոր էական արժէքը մարդկութեան բարիքին համար'' ըսած է Նորին Սրբութիւնը ցաւալի երեւոյթ նկատելով այն իրողութիւնը թէ խումբ մը  պետութիւններ, ջուրը չեն նկատեր որպէս մարդկային իրաւունք։

Նորին Սրբութիւնը կոչ կ՛ուղղէ միացնելու  բոլորին ձայները` միեւնոյն դատին ի խնդիր,  անսալու  մեր եղբօրը աղերսը, որ ծարաւի է,  եւ իւրաքանչիւր պետութիւն երաշխաւորէ,  ջուրի ապահով եւ որակաւոր  մատակարարումը։








All the contents on this site are copyrighted ©.