2017-03-22 11:14:00

Հայ եկեղեցին եւ հայ երիտասարդը դէմ առ դէմ


Ո՞վ կ’աղօթէ եւ ինչո՞ւ: Այս հարցումներուն պատասխանները նոյնքան պարզ պէտք է ըլլան, որքան հարցումները իրենք: Կ’աղօթէ բնականօրէն աստուածավախ մարդը: Աղօթքը բոլոր կրօնքներուն հոգին կը կազմէ, անոնց բուն էութիւնը: Իսկ պատուանդանը, որուն վրայ կը կանգնին կրօնքները՝ Աստուածադիր բարոյական օրէնքն է, որ կեանքի փոխյարաբերութիւնները կը կարգաւորէ, բնակելի միջավայրի վերածելով երեւելի այս աշխարհը:

Երկրորդ, կ’աղօթէ՝ իր կեանքին մէջ նիւթական թէ բարոյական նեցուկ փնտռող մարդը, որ խնդրամատոյց կ’ըլլայ Աստուծոյ, իր տագնապալի վիճակի բարելաւման համար: Այս տագնապը կրնայ նիւթական ծանր կացութիւն մը ըլլալ եւ կամ մարդկային կեանքի մէկ տխուր երեւոյթը, որ աղօթքին իբրեւ պատասխան կրնայ դրական գոյն ստանալ: Այս տագնապը կրնայ նաեւ յանկարծական վտանգ մը ըլլալ, որուն դիմաց անճրկած՝ ենթական կը դիմէ Աստուծոյ՝ գերագոյն ուժին, Անոր գերմարդկային կարողութեամբ փրկուելու յոյսով:

Երրորդ, կ’աղօթէ ուրիշին համար, այդ «ուրիշը» գուցէ ըլլայ ծանօթ կամ անծանօթ, հարազատ թէ օտարական, բարեկամ թէ թշնամի, անմեղ թէ մեղաւոր: Յիսուսի ալ տուած պատուէրը այս էր, նոր մարդը հինէն տարբեր ընելու եւ իր հետեւորդ քրիստոնեան, ոչ քրիստոնեայէն տարբեր ընելու միտումով (Մտ. 5.44): Այս երրորդ տեսակի աղօթողները կը զատորոշուին առաջին երկու տեսակի աղօթողներէն:

Առաջինին պարագային՝ փառաբանական, օրհնաբանական աղօթատեսակը կը պարզուի մեր դիմաց, երբ մարդ էակը իր վայելած այս աշխարհին ու անոր բոլոր բարիքներուն համար երախտագիտութեամբ կը դիմէ Աստուծոյ ու կ’օրհնաբանէ Անոր անունը:

Երկրորդ աղօթատեսակը ուղղակի մեր անձերուն համար Աստուծոյ ուղղուած խնդրանքն է, որուն կեդրոնը մենք ենք, մեր բոլոր դժուարութիւններով ու ներքին տագնապներով: Անձնակեդրոն խնդրանքներու փունջ մը կը կազմեն սոյն երկրորդ տեսակի աղօթքները, որոնք Աստուծոյ գահին դիմաց կը դրուին, յարմար լուծումներու ակնկալութեամբ:

Աղօթքի երրորդ տեսակը ամէնէն աւելի փորձիչ, վտանգաւոր ու մարդկային բարոյական արժանիքները փորձաքարի զարնողն է: Հոս է, որ բարեպաշտ մարդուն «մորթը կը քերթուի», տակէն ի յայտ բերելու համար անոր հոգիին իսկական գոյնը:

Աստուած մարդը ստեղծեց իր պատկերով ու նմանութեամբ (Ծն. 1. 26), ինչպէս կը կարդանք Աստուածաշունչ մատեանին մէջ: Այդ պատկերն ու նմանութիւնը ֆիզիքական իմաստով պէտք չէ ըմբռնել անպայման: Այլապէս մարդոց իրարմէ ունեցած տարբերութիւնները գործնական պիտի չըլլար միացնել:

Աստուծոյ պատկերին մարդուն ունեցած նմանութիւնը, ամէնէն աւելի աղօթքի պահուն ի յայտ կու գայ, երբ այդ պատկերը կ’արտացոլայ մարդուն հոգիի հայելիին մէջէն: Մեծագոյն անհեթեթութիւնը, սակայն, կը մնայ աղօթքի մէջ իսկ խտրութիւն դնելու երեւոյթը: Եկեղեցին աղօթքներ սահմանած է մարդոց համար, կենդանութեան թէ անոնց մահէն ետք կատարելու համար ուրիշին՝ մեր նմանին: Աստուծոյ գործակից ըլլալու մարդկային մեր պատիւը ամէն բանէ առաջ պայման ունի ուրիշին համար աղօթելը, որովհետեւ ատով Աստուծոյ պատկերը կ’արտացոլացնենք: Մարդոց միջեւ խտրութիւն դնողներուն եւ իրենք զիրենք փրկուած կարծելով, մեղաւորներէ զիրենք հեռու պահելու ինքնահաւանութեամբ կուրցած մարդոց քննադատութիւնները լռեցնելու համար Յիսուս ըսաւ. «Առողջները չեն, որ բժիշկի պէտք ունին, այլ հիւանդները: Չեկա՛յ արդարները կանչելու, այլ՝ մեղաւորները» (հմմտ. Մր. 2.17): Յիսուս ի՛նք կ’ըսէ. «Մարդու Որդին եկաւ կորսուածը փրկելու համար» (Մտ. 18.11):

Մեղաւորին համար աղօթելը եւ առանց պայմանի աղօթելը շատ աւելի մեծ առաքինութիւն է, որուն ի պատասխան կրնայ Աստուծոյ գութը շարժիլ: Հոգեհանգստեան պաշտօնին ընթացքին երգուող շարականը Աստուծոյ կը ձգէ դատելու իրաւունքը, սակայն գութ կը հայցէ ննջեցեալ հոգիներուն համար, որովհետեւ բոլորս ալ «գինք սուրբ արեան Քո եմք», կը գրէ շարունակութեան վրայ (շարական):

Դատելու իշխանութիւնը Աստուծոյ իրաւասութիւնն է: Ան կրնայ աւազակն ու պոռնիկը Արքայութեան արժանացնել… (հմմտ. Ղկ. 23.40-43, Յհ 8.11):

 








All the contents on this site are copyrighted ©.