2017-03-22 10:52:00

''Խօսքին վրայ հիմնուած Յոյս''. Ֆրանչիսկոս Պապին 22 Մարտի հրապարակայաին ունկնդրութիւնը։


(Հռոմէացիներին 15,1-2.4-5) Ուստի մենք, որ զօրաւոր ենք, պարտաւոր ենք կրել տկարներուն տկարութիւնը, եւ ո՛չ թէ հաճեցնել մենք մեզ: Մեզմէ իւրաքանչիւրը թող հաճեցնէ իր ընկերը՝ շինութեան համար, անոր բարիքին համար: Որովհետեւ նախապէս գրուած ամէն ինչ՝ գրուեցաւ որ մե՛նք սորվինք, որպէսզի յոյս ունենանք՝ համբերութեամբ ու Գիրքերուն մխիթարութեամբ: Ուրեմն համբերութեան ու մխիթարութեան Աստուածը թող շնորհէ ձեզի համախոհ ըլլալ իրարու հետ՝ Քրիստոս Յիսուսի համաձայն։

 

(Ռատիօ Վատիկան) ''Սիրելի եղբայրներ ու քոյրեր, բարի լոյս, մի քանի շաբաթէ ի վեր Պօղոս առաքեալը մեր օգնութեան կը հասնի աւելի լաւ ըմբռնելու թէ ինչի մէջ կը կայանայ Քրիստոնէական Յոյսը։ Եւ այսօր այս կ՛ընէ այդ յոյսը նմանեցնելով մեր կեանքի ու մեր հաւատքի փորձառութեան երկու կարեւոր վերաբերմունքներու. յարատեւութիւն եւ մխիթարութիւն''։

Այս բառերով է որ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը սկիզբ տուաւ 22 Մարտին` բազմահազար ուխտաւորներու ներկայութեամբ, Սուրբ Պետրոսի հրապարակին վրայ կայացած չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան, որուն առթիւ ներկայացուած խորհրդածութիւնը դարձեալ կեդրոնացուց Քրիստոնէական յոյսի վրայ, ներշնչուելով Սուրբ Պօղոսի Հռովմէացիներուն ուղղած նամակէն։

''Յարատեւութիւնը կարող ենք սահմանել նաեւ որպէս համբերութիւն'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը աւելցնելով թէ '' այս կը նշանակէ կարողութիւն ունենալ հանդուրժելու ու հաւատարիմ մնալու` նոյնիսկ երբ բեռը կը ծանրանայ ու կը դառնայ անտանելի­ եւ փորձութիւնն ունինք ժխտական կերպով դատելու եղելութիւնը ու հրաժարելու ամէնէն եւ ամէն բանէ։

Մինչ Մխիթարութիւնը շնորհքն է որով կարող ենք ամէն իրողութեան մէջ ընկալել ու անդրադառնալ Աստուծոյ ներկայութեան ու կարեկից ներգործութեան, նոյնիսկ այն իրողութիւններուն մէջ որոնք յատկանշուած են տառապանքով եւ յուսալքումներով։

Սուրբ Պօղոս մեզի կը յիշեցնէ թէ յարատեւութիւնն ու մխիթարութիւնը մեզի կը փոխանցուին սուրբ գրութիւններու միջոցաւ։ Աստուծոյ խօսքը արդարեւ մեզ կը մղէ մեր հայեացքը ուղղելու Յիսուսին, լաւապէս ճանչնալու զայն ու Անոր մէջ հաստատուելու` միշտ աւելիով Անոր նմանելով։  Խօսքը ապա մեզի կը յայտնէ թէ Տէրը` ''յարատեւութեան ու մխիթարութեան Աստուածն է'' իսկապէս, որ միշտ հաւատարիմ կը մնայ իր` մեզի սահմանած սիրոյն ու մեզ կը խնամէ դարմանելով մեր վէրքերը իր բարութեան ու ողորմութեան շոյանքով։

Այս հեռանկարով հասկնալի կը դառնայ Պօղոս առաքեալի արտայայտութիւնը '' Ուստի մենք, որ զօրաւոր ենք, պարտաւոր ենք կրել տկարներուն տկարութիւնը, եւ ո՛չ թէ հաճեցնել մենք մեզ''։

Այն որ կեանքին մէջ կը փորձարկէ Տիրոջ մխիթարութիւնը ունի կարողութիւնն ու պարտականութիւնը իր տկար եղբօր մօտ կանգնելու ու իր վրայ առնելու անոր տկարութիւնները։ Ան այս մէկը կարող է ընել պարզապէս որպէս ''խողուակ'' որ Տիրոջ պարգեւները կը փոխանցէ ու ինք եւս կը դառնայ Յոյսի սերմնացան։

Աստուծոյ խօսքը կը հրահրէ յոյս մը որ կը թարգմանուի կարեկցութեան ու փոխադարձ ծառայութեան միջոցաւ։ Որովհետեւ նոյնիսկ ան որ զօրաւոր է կարող է փորձարկել դիւրաբեկութիւնը ու կարիքը ունենալ ուրիշներու օգնութեան - ըսաւ Նորին Սրբութիւնը հրաւիրելով` Քրիստոս ու Անոր Խօսքը ընտրել որպէս կեդրոն որովհետեւ միայն Ինքն է մեր ''Զօրաւոր Եղբայրը'' որ մեր վրայ կը հոգայ, ու ամէնքս պէտք ունինք Անոր քնքուշ հայեացքին ու Բարի Հովիւի ուսերուն։ :

''Սիրելի բարեկամներ երբեք  պիտի չկարենանք բաւարար կերպով շնորհակալ ըլլալ Աստուծոյ`  սուրբ գրութիւններու մէջ մեզի պարգեւած Խօսքին համար։ Այնտեղ է որ Ան կը յայտնուի որպէս յարատեւութեան ու մխիթարութեան Աստուած. Այնտեղ է որ մենք գիտակից կը դառնանք թէ ինչպէս մեր յոյսը չի հիմնուիր մեր կարողութիւններուն եւ ուժերուն վրայ այլ Աստուծոյ վրայ ու Անոր սիրոյն հաւատարմութեան վրայ'' ըսաւ Սրբազան Քահանայապետը եզրափակելով չորեքշաբթի օրուայ հրապարակային ունկնդրութեան խորհրդածութիւնը։  








All the contents on this site are copyrighted ©.