2017-03-22 09:31:00

Գերմանիա Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ երկկողմանի յարաբերութիւններուն յաւելեալ վնաս պատճառելէ զգուշանալու


Գերմանիա Թուրքիոյ կոչ ուղղեց իր յայտարարութիւնները մեղմացնելու եւ երկկողմանի յարաբերութիւններուն յաւելեալ վնաս պատճառելէ զգուշանալու:

Յիշեցնենք, որ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքելը ամբաստանած էր Գերմանիոյ մէջ թուրքերու եւ հանրաքուէի քարոզարշաւ կատարող թուրք պաշտօնատարներու դէմ «նացիական գործելաոճ կիրարկելու» յանցանքով:

Մերքել Հանովըրի մէջ առեւտրական փառատօնի մը ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ` անդրադառնալով թուրք-գերմանական լարուած յարաբերութիւններուն, ըսաւ. «Տակաւին ի զօրու է իմ այն յայտարարութիւնս, թէ Թուրքիոյ կողմէ հնչող նացիներու հետ համեմատութիւնները պէտք է դադրին: Առանց «եթէ»-ի կամ «սակայն»-ի: Դժբախտաբար այդ համեմատութիւնները չեն դադրած, եւ մենք պիտի չարտօնենք, որ «նպատակը կ՛արդարացնէ միջոցը» պատրուակը քանդէ ամէն թապու` անտեսելով նացիներուն կողմէ հալածուածներուն ու սպաննուածներուն տառապանքը»:

Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարար Զիկմար Կապրիէլ իր կարգին շեշտեց, որ Թուրքիոյ հետ ներկայ լարուած յարաբերութիւնները պէտք չէ ազդեն Գերմանիոյ մէջ քաղաքացիներու համակեցութեան վրայ:

Կապրիէլ թրքական ծագումով գործարարներու հետ հանդիպումի մը ընթացքին մտավախութիւն յայտնեց, որ Գերմանիա-Թուրքիա կամ Եւրոպական Միութիւն-Թուրքիա ներկայ տարակարծութիւնները ժխտական անդրադարձ ունենան Գերմանիոյ մէջ գոյութիւն ունեցող թրքական համայնքին վրայ: Ան կոչ ուղղեց այդպիսի զարգացում մը կանխարգիլելու բոլոր միջոցառումները որդեգրելու:

«Պէտք է բոլորս աշխատանք տանինք զգուշանալու Գերմանիոյ թուրք համայնքին վրայ Պերլինի եւ Անգարայի կառավարութիւններուն միջեւ գոյութիւն ունեցող տարակարծութիւններու ժխտական ազդեցութիւններէն: Գերմանիոյ մէջ բնակող թուրքերը մեծ ջանքեր թափեցին եւ մեր երկրի տնտեսութեան բարգաւաճման մասնակից դարձան», շեշտեց ան:

 

 

 

 








All the contents on this site are copyrighted ©.