2017-03-21 14:00:00

2019 – ԵՀՕ առթիւ Ֆրանչիսկոս Պապին երիտասարդներուն ուղղած լսատեսողական պատգամը։


(Ռատիօ Վատիկան) 21 Մարտ 2017-ին լոյս տեսաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Երիտասարդներու 2017-ի համաշխարհային օրուան պատգամը, որ այս տարի կը նշուի թեմական մակարդակի վրայ` 9 ապրիլ 2017-ին, Ծաղկազարդի տօնին օրը եւ որուն բնաբանն է ''Առար ընդ իս մեծամեծս հզօրն (Ղուկաս 1,49)''։

Սոյն պատգամի աւելի ծաւալուն տարածումին համար Ֆրանչիսկոս Պապ ուզեց զայն երիտասարդներուն ներկայացնել լսատեսողական պատգամի մը միջոցաւ որուն մէջ կ՛ակնարկէ պատգամին մէջ պարունակուած կարեւոր նիւթերուն ու կը հրաւիրէ երիտասարդները հոգեւոր ուղեւորութեամբ մը պատրաստուիլ` 2019-ի` 22-27 Յունուարի Փանամայի մէջ նշուելիք երիտասարդութեան միջազգային յառաջիկայ հաւաքին։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը պատգամին սկիզբը կ՛ակնարկէ Քրաքովիայի մէջ 2016-ին կայացած Երիտասարդութեան Համաշխարհային հաւաքին յայտնելով թէ այդ` հանդիպումները իրեն համար կարեւոր են ու թէ ուզած է` Քրաքովիայէն դէպի Փանամա ընթացքը կատարուի  երիտասարդներուն նուիրուած Եպիսկոպոսներու Սիւնհոդոսի հետ համընթաց։ 

Այս ուղեւորութեան մէջ մեզի կ՛ընկերանայ մեր Մայրը` Սուրբ կոյս Մարիամ, որ մեզ կ՛ոգեւորէ իր հաւատքով, այն նոյն հաւատքը որ արտայայտեց իր փառաբանական աղօթքին մէջ ''Առար ընդ իս մեծամեծս հզօրն (Ղուկաս 1,49)''։ Ան գիտէ գոհութիւն մատուցել Աստուծոյ, որ նայեցաւ իր ծառային հեզութեան ու գիտէ ճանչնալ Աստուծոյ իրագործած սքանչելիքները, ապա ճամբայ կ՛ելլէ երթալու իր Եղիսաբեթ զարմուհիին մօտ որ օգնութեան եւ մօտիկութեան կը կարօտէր։

Մարիամ փակ չի մնաց իր տան մէջ որովհետեւ ''բազմոց-երիտասարդ'' մը չէր, որ կ՛ուզէ հանգիստ ու ապահով ապրիլ առանց որ մէկը զինք խանգարէ։ Ան մղուած է հաւատքէն որովհետեւ հաւատքը մեր Մօր համայն պատմութեան սիրտն է - հաստատեց Քահանայապետը ու երիտասարդներուն դիտել տուաւ թէ Աստուած կը դիտէ ու կը կոչէ զանոնք եւս, եւ այս մէկը կ՛ընէ տեսնելով համայն սէրը որ անոնք կարող են նուիրել։

''Նազարէթի Երիտասարդուհիին նման դուք կարող էք բարելաւել աշխարհը ձեր եւ շատ մը ուրիշներու պատմութիւնը յատկանշող հետք մը ձգելով'' ըսաւ Նորին Սրբութիւնը մատնանշելով թէ Եկեղեցին եւ ընկերութիւնը  կարիքը ունին երիտասարդներուն որոնց մօտեցումով եւ ունեցած քաջութեամբ, երազներով եւ իտէալներով, կը փլուզուին անշարժութեան պատերը ու կը բացուին  ճանապարհներ` որոնք կը տանին դէպի աւելի լաւ աշխարհ մը, աւելի արդար, նուազ դաժան եւ աւելի մարդկային։

Ձեր այս ուղեւորութեան ընթացքին ձեզ կը քաջալերեմ մշակելու ընտանեկան ու բարեկամական յարաբերութիւն մը Սուրբ Կոյսին հետ. Ան մեր Մայրն է։ Անոր դիմեցէք որպէս Մայր։ Անոր հետ գոհութիւն մատուցեցէք ձեր նախահայրերէն ընկալած հաւատքի պարգեւին համար. Ու Անոր վստահեցէք ձեր ամբողջ կեանքը։ Ան որպէս բարի Մայր կ՛ունկնդրէ ձեզ, կ՛ողջագուրէ ձեզ, կը սիրէ ձեզ ու ձեզի կ՛ընկերանայ։ Ձեզի կը վստահեցնեմ` եթէ այս մէկը կատարէք պիտի չի զղջաք ըսաւ ապա Ֆրանչիսկոս Պապ ու պատգամը եզրափակեց Բարի ուխտագնացութիւն մաղթելով երիտասարդներուն դէպի 2019-ի երիտասարդութեան համաշխարհային օր։

Թող Աստուած օրհնէ ձեզ։








All the contents on this site are copyrighted ©.