2017-03-21 10:01:00

Մեր թշնամիին սէրը


« Գիտէք որ ըսուած է. սիրէ ընկերդ եւ ատէ թշնամիդ: Ես կ'ըսեմ ձեզի, սիրեցէք ձեր թշնամիները, աղօթեցէք ձեզ հալածողներուն: Այսպէսով պիտի ըլլաք որդիները ձեր Երկնաւոր Հօր , որ իր արեւը կը ծագէ բարիներուն, անձրեւ կու տայ՝ արդարներուն եւ մեղաւորներուն»  ( Մատթէոս 5, 43-46)։

Ով Տէր, լերան քարոզիդ մէջ, դուն քու աշակերտներուդ սորվեցուցիր երկինքի արքայութեան ծրագիրը։ Ես ալ կը փափաքիմ քու արքայութեանդ հպատակը ըլլալ եւ սակայն լաւ կը ճանչնաս իմ դժուարութիւններս եւ վէրքերս: Եկուր սրտիս մէջ դնելու կատարեալ եւ հոգեւոր կերպով ապրելու լաւագոյն ձեւը ճանչնալու  շնորհքը։

« Սիրեցէք ձեր թշնամիները եւ աղօթեցէք ձեզ հալածողներուն»:

Յիսուսի այս խօսքերը շատ խիստ եւ անհաւատալի կը թուին մեզի։ Մենք, որ  որպէս հաւատացեալներ կը հետեւինք Աւետարանին երբեմն առանց հասկնալու անոր բովանդակութիւնը եւ հարցադրումներ կատարելու,  մանաւանդ քրիստոնէական սկզբունքներու մասին:

Յիսուսի պատկերին եւ առաքելութեան տեսարանը  մեզի կը թելադրէ  ներել մեր մարդասպաններուն։ Մեզմէ կը պահանջուի լաւագոյն ձեւով սիրել, ներել եւ ծառայել, այս կերպով ճանչնալու համար Ս. Խաչին իսկական    եւ   տրամաբանական իմաստը եւ մանաւանդ այն սէրը որ չի նմանիր աշխարհի սիրոյն:

Մեր առօրեայ փորձառութեամբ կը կարծենք թէ շատ քիչ թշնամիներ ունինք եւ սակայն կը հաւատանք նաեւ որ մեր բարեկամները կրնան դառնալ մեզի թշնամիներ,  դաւաճանել մեզի, վիրաւորել մեզ, եւ մեզ ու մեր միտքը պղտորել, եւ երբեմն մեր կեանքի պայմաններն ու պարագաներն ալ մեզի նոր թշնամիներ կը ստեղծեն։ Եւ  յաճախ մենք ալ անզգալաբար եւ հակառակ մեր կամքին կը դառնանք պատճառ մեզ սիրողներու չարչարանքներու եւ նեղութեանց։ Աւետարանին խօսքերը մեծ դեր ունին այս կեցուածքներուն մէջ, որովհետեւ կը խօսին անվերապահ սիրոյն մասին՝ որ ոչ սահման ոչ ալ ժամ ունի...։ Սիրել իմ թշնամիներս կը նշանակէ սիրել իմ բարեկամս երբ զիս կը վիրաւորէ, եւ մանաւանդ երբ տխուր վիճակի մէջ կը գտնուի, որովհետեւ այդ վայրկեաններուն՝ ան պէտք ունի իմ վստահութեանս, այն ինչ որ կը զգանք մենք ալ երբ դժուարութիւններու եւ փորձութիւններու մէջ իյնանք:

Հարց պիտի տաք թէ սէրը քանի անգամ պատրաստ է ներելու կամ ժպիտ մը տալու իր թշնամիին եւ կամ երկխօսութեան մէջ մտնելու անոր հետ :

Յիսուս մեզի կը հարցնէ իր Աւետարանին մէջ․ «Դուք ի՞նչ արտակարգ բաներ կ'ընէք»:

Յիսուսի այս պարզ հարցումը մեզ կը մղէ լաւ հասկնալու մեր քրիստոնէական կեանքին մօտեցումները առօրեայ երեւոյթներուն դիմաց, եւ  ապրելու սիրով ու ներողամտութեամբ: Երբեք  պէտք չէ վախնանք ապրելէ Աստուծոյ սէրը, որպէսզի ան բնակի մեր սրտին մէջ։ Այն ատեն է որ կ'իրականացնենք Աստուծոյ կամքը սիրելով մեր բարեկամները եւ թշնամիները հակառակ անոր որ մեզ կը վիրաւորեն եւ մեզի կը դաւաճանեն:

Շնորհակալ եմ քեզի ով Տէր, որովհետեւ ինծի սորվեցուցիր ճշմարտութիւնդ՝ սիրելու։ Ինծի տուր  շնորհքը  վարակուելու քու սիրովդ: Ամէն։

 Հայր Գէորգ եպիսկոպոս Ասատուրեան

 








All the contents on this site are copyrighted ©.